ԲԱԶ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ, ՔՆՆՈՒ­ԹԻՒՆ

Դժուար է բազմութեան մէջ, երբեմն նաեւ տհաճ։ Բարդ է ընթանալ բազմութեան մէջ՝ առանց կողմնորոշումը շուարելու։ Բազմութիւնը նման է հոսանքի մը, որուն դէմ թիավարելը կը թուի ըլլալ անկարելի։ Բազմութիւնը մարդը կը շեղէ ուղղութենէն։ Երբեմն ակամայ կը տարուիս, բայց երբեք միտքէդ պիտի չհանես հասնիլ ուզած տեղդ։ Բազմութիւնը ճանապարհէդ դուրս կը բերէ քեզ, բայց դուն վստահ պիտի գիտնաս, թէ ո՛ւր կ՚երթաս։ Բազմութեան հետ որքան որ ալ նոյնանաս՝ երբեք ու երբեք պիտի չշուարիս ճանապարհակիցդ։ Ուղեկիցդ որ կորսնցնես՝ արդէն մոլորուած ես ու մինչեւ ուշքի գաս կրնայ ուշ ըլլալ. ափսոսանքը օգուտ չ՚ունենար, ոչ ալ զղջումը։

Այսքանով հանդերձ, չես կրնար խուսափիլ բազմութենէն ու պէտք ալ չէ  արդէն։ Մեկուսանա՞լ, անկարելի։ Ամուր անհատականութեան, նպատակասլաց ընթացքի միակ փորձաքարը բազմութիւնն է։

Բազմութիւնը, որ կը պարփակէ ամէն ինչ, քննութիւն է, ճշմարիտ կեանքի քննութիւն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2022