ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ Արեւմուտքի կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները դժուարութիւններ կը յառաջացնեն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն տեսակէտէ։ «FitchRatings» միջազգային վարկանիշային գործակալութիւնն ալ վերջերս տեղեկացուց, որ Ռուսաստանէ ներս տագնապի հետեւանքները բացասաբար պիտի ազդեն Հայաստանի վրայ։ Արդարեւ, այս երկու տնտեսութիւններուն միջեւ կարեւոր կապեր գոյութիւն ունին։ Յամենայնդէպս, գործակալութեան կանխատեսումներով, ելմտական տարբերակներն ու երկարաժամկէտ առեւտրային պատկերներու փորթֆէօյը կրնան նպաստել, որպէսզի Հայաստան ցնցումը յաղթահարէ՝ առանց վճարունակութեան լուրջ վատթարացման։

Վերջերս «The New York Times»ն ալ հրապարակում մը ըրաւ՝ պատերազմական իրավիճակին մէջ Հայաստան փոխադրուած ռուսաստանցիներու մասին։ Ըստ ամերիկեան թերթին, Ռուսաստան ներկայիս կը կորսնցնէ հազարաւոր երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք հեռանկար ունին։ Ծաւալուն յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ այդ երիտասարդ մասնագէտներուն զգալի մասը բռնած է Հայաստանի ճանապարհը։ Ըստ յօդուածին, ռուսաստանցիներու մէկ մասը Հայաստան կը փոխադրուի սեփական նախաձեռնութեամբ։ Ոմանք ալ Հայաստան կ՚առաջնորդուին տեղեկատուական թեքնոլոժիներու ոլորտի արեւմտեան՝ ներառեալ ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ։ «Հայաստան ժամանած ռուսաստանցիները կը միաւորէ նաեւ այն հանգամանքը, թէ անոնք կրնան աշխարհի որեւէ կէտէն հեռավար աշխատիլ», գրած է թերթը։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ Ուքրայնա առկայ պատերազմական իրավիճակի մէջ անհանգստութիւններ ունի Հարաւային Կովկասի երկիրներուն վերաբերեալ։ Արդարեւ, ըստ Քիեւի պնդումներուն, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջոցաւ Ռուսաստան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ իրեն դէմ սահմանուած պատժամիջոցները յաղթահարելու։ Այդ պնդումները արդէն կը հասնին մեղադրանքի սահմաններու։ Այսպէս, Ուքրայնայի պաշտպանութեան հետախուզութեան ծառայութիւնը Վրաստանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը մեղադրած է Մոսկուայի հետ ռուսական արտադրանքին միջազգային շուկայ արտածման շուրջ բանակցութիւններ վարելու յանցանքով։

«Կը նախատեսուի մատակարարումները կատարել վրացականի, հայկականի եւ ատրպէյճանականի տեսքով եւ զանոնք արտածել երրորդ երկիրներ», մայիս 1-ին յայտնած են Ուքրայնայի Պաշտպանութեան նախարարութեան առնթեր պաշտպանական հետախուզութեան ծառայութենէն։

Վերջինս կը պնդէ, որ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ արդէն ստեղծուած է աւելի քան 200 ընկերութիւն։

Ուքրայնայի պաշտպանական հետախուզութիւնը այնուհետեւ յայտարարած է, որ Հայաստան գործարարական բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ ռուսական ընկերութիւններուն համար, յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ։

«Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի լայնածաւալ յարձակման սկիզբէն ի վեր Հայաստան ժամանած է Ռուսաստանի շուրջ 85 հազար քաղաքացի եւ 113 տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Ռուսաստանի քաղաքացիները Հայաստանի տարածքին ստեղծած են շուրջ հազար սեփական ձեռնարկութիւն եւ սահմանափակ պատասխանատուութեամբ 250 ընկերութիւն, որոնք հարկ կը վճարեն երկու երկիրներուն ալ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ռուսաստանի», նշուած է սոյն հաղորդագրութեան մէջ։

Ապրիլի սկիզբը Ուքրայնայի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզութիւնը կը պնդէր, որ Մոսկուա Վրաստանի տարածքով մաքսանենգութեան ուղիներ կը ստեղծէ, ինչ որ վրացական իշխանութիւնները հերքեցին: Այդ պնդումին մէջ կ՚ըսուէր, որ Վրաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը հրահանգած է ապահովութեան ծառայութիւններուն չմիջամտել ռուս մաքսանենգներու գործունէութեան։

Վրաստանի Պետական ապահովութեան ծառայութիւնը այնուհետեւ պահանջած է Ուքրայնայէն «անյապաղ ապացոյցներ ներկայացնել» իր պնդումին վերաբերեալ՝ զգուշացնելով, որ այս պահանջին չյարգուիլը «պիտի համարուի կանխամտածուած ապատեղեկատուութիւն»։

Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի նոյնպէս հերքած է Քիեւի մեղադրանքները՝ ըսելով, որ «Վրաստան երբեք թոյլ պիտի չտայ պատժամիջոցներու ենթակայ ապրանքներու տարանցման»։

Սակայն Վրաստանի կառավարութիւնը պատերազմի առաջին օրերէն իսկ կրկնած է, որ Թիֆլիզ կրկնակի պատիժներ պիտի չսահմանէ Մոսկուայի դէմ, որ արդէն ենթար-կըւած է միջազգային հսկայական պատիժներու:

Ուքրայնայի նոր մեղադրանքը կը հնչէ Թիֆլիզի եւ Քիեւի միջեւ արդէն լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին, մինչ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի ետ կանչած էր իր երկրին Վրաստանի դեսպանը, Ղարիպաշվիլիի կառավարութեան «ապաբարոյ դիրքորոշման» պատճառաւ, վերջինս մերժած ըլլալով պատիժներու կարգադրութեան միանալ եւ արգիլած՝ վրացի կամաւորներու Ուքրայնա թռչիլը։

Քիեւի հետզհետէ ծաւալող քննադատութեանց պայմաններուն մէջ, «Վրացական երազանք» կուսակցութեան ղեկավարութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ վրացական ընդդիմութեան «Միացեալ ազգային շարժում»ի (Սահակաշվիլիի կուսակցութիւնը) նախկին պաշտօնեաները, որոնք այսօր «Ուքրայնայի մէջ բաւական բարձր պաշտօններու հասած են», կ՚ազդեն ուքրանական իշխանութիւններու որոշումներուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2022