ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը դեսպաններու հետ։ Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակէ միջազգային ուշադրութեան առարկայ դառնալ, Երեւան բոլոր հարթութիւններու վրայ Անգարայի հետ տարած աշխատանքին շուրջ կը լուսաբանէ միջազգային գործընկերները։ Ռուբէն Ռուբինեան, որ այս գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է, երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները կամ անոնց Երեւանի դեսպանութիւններու ներկայացուցիչները։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։ Ռուբէն Ռուբինեան այս համատեսքին մէջ ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումներն ու առաջնահերթութիւնները՝ ընդգծելով այս խնդիրներուն կապակցութեամբ միջազգային հանրութեան աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը։