ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Վաքըֆներու շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի յունաց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ ձեռնարկ մը։ «Համայնքային վաքըֆներու Պէյօղլուի մշակութային ժառանգութիւնը» վերնագրեալ ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը, որուն մասնակցեցան Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Պէյօղլուի գաւառապետ Մուսթաֆա Տեմիրէլլի, քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսի պաշտօնակատար Սթավրոս Խրիստոտուլիս, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը, ինչպէս նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն աշխարհական վարիչներ։ Թրքահայ համայնքէն եւս բարձր մակարդակի մասնակցութիւն բերուեցաւ այս ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ, միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ եւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սերտա Արսլանի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Ճան Ուսթապաշը, Ալի Հայտար Եըլտըզ, Մուսթաֆա Տեմիրէլլի եւ փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան։
Այս փուլէն վերջ բոլոր ներկաները ցուցահանդէսի շրջայց մը կատարեցին։ Հարկ է նշել, որ այս ծիրէն ներս մատուցուած որակեալ տեսանիւթերուն մէջ տեղ գտած են նաեւ Պէյօղլուի շրջանի հայկական զանազան կառոյցներ. օրինակ՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ Կեդրոնական վարժարանը, Էսաեան վարժարանը եւ այլն։
Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ճան Ուսթապաշըի գրասենեակին կողմէ։ Երէկուան բացման ժամանակ Ուսթապաշը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Տեմիրճանին։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ մայիսի 17-ը։