ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ԲԱԽՈՒՄ

Այս կիրակի, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած են բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ երկու երկիրներու սահմանին վրայ արձանագրուեցաւ նոր մագլցում եւ լարուածութիւնը վերստին թափ հաւաքեց։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ կանոնաւոր պարբերականութեամբ սկսաւ տեղեկութիւններ հաղորդել Ատրպէյճանի բանակի նոր յարձակումներուն մասին։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հրետանային եւ ականանետային միջոցներով կրակել սկսան սահմանակից Սոթքի վրայ։ Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկեցին համապատասխան պաշտպանական-կանխարգելիչ միջոցներուն՝ պաշտպանելու համար իրենց դիրքերը։ Թէեւ երկար ժամեր շարունակուեցան բախումները, սակայն ընթացքին որոշ չափով նուազեցաւ անոնց թափը։ Հայաստանի ժամով 10.45-ի դրութեամբ, ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան, առաջնագծին վրայ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր։ Այս վերջին բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է չորս, իսկ Ատրպէյճան՝ մէկ վիրաւոր։

Այս նոր դէպքերը կը նախորդեն Պրիւքսելի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած բանակցութիւններուն։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ յայտնեց, որ Սոթքի մէջ իրադրութիւնը սրելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէ մոռացութեան տալ Լաչինի միջանցքին մէջ ապօրինի անցակէտի տեղակայումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս առթիւ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով նշուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները արհամարհանք են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներու կողմէ գործադրուած ջանքերուն։

Պրիւքսելի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած բանակցութիւններէն վերջ, մայիսի 19-ին ալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով պիտի տեսակցին Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ։ Այս բանակցութիւններուն ընդառաջ, երէկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ եւ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու գծով Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Բացի Փաշինեանի եւ Միրզոյեանի կողմէ ընդունուելէ, ռուս դիւանագէտը տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Քննարկումներու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Լաչինի միջանցքի խնդիրը՝ մինչ հայկական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ շուրջ 12 օրէ ի վեր Կարմիր խաչը չի կրնար Արցախէն Հայաստան հիւանդներ փոխադրել։

Շաբաթավերջի Պրիւքսելի Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ ժամադրութեան ընդառաջ, Արեւմուտքի դերակատարներն ալ գործի գլուխ են աշխուժօրէն։ Շարլ Միշել հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որու միջնորդութեամբ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ խտացեալ քննարկումներ ծաւալւած էին՝ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի մասնակցութեամբ։ Անոնք քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու տեւական խաղաղութեան աջակցելու հնարաւորութիւնները։ ԵՄ-ի կողմէ ալ տեղեկացուեցաւ, որ շաբաթավերջի հանդիպումը կազմակերպել հնարաւոր չէր ըլլար, եթէ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ժամանակ կողմերու միջեւ յառաջընթաց արձանագրուած չըլլար։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023