ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Ղա­լա­թիոյ յու­նաց նա­խակրթա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցան «Ըն­կե­րա­յին ցան­ցերն ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը» նա­խագ­ծի ար­դիւնք­նե­րը, զոր ի­րա­գոր­ծա­ծած էր «Քոն­տա» ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Նա­խագ­ծի հե­ղի­նակն է Ե­նի­գիւ­ղի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին յու­նաց ե­կե­ղե­ցին, ո­րու թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս։ Ե­րէ­կո­ւան հա­ւա­քոյ­թին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ հա­յազ­գի նո­րըն­տիր ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու։

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Լա­քի Վին­կաս, որ նշեց, թէ այս­պէ­սով ա­ւար­տած կը նկա­տեն ի­րենց նա­խագ­ծին ա­ռա­ջին բա­ժի­նը։ Ան ը­սաւ, որ «Ըն­կե­րա­յին ցան­ցեր եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն» նա­խա­գի­ծը առ­հա­սա­րակ կ՚ու­սում­նա­սի­րէ փոք­րա­մաս­նու­թեանց կող­մէ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու գոր­ծա­ծու­մը։ Փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­սա­րա­կու­թեան հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ ա­նոնց դե­րը, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­յայտ­ման ա­զա­տու­թեան եւ ա­տե­լա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու տե­սա­կէ­տէ ար­գել­քի մը առ­կա­յու­թեան հա­ւա­նա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ըստ Վին­կա­սի, աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով Եւ­րո­պա­կան միու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րը՝ նա­խա­գի­ծը կը նա­խա­տե­սէ հան­դէս գալ ա­ռա­ջարկ­նե­րով։ Ան իր ե­լոյ­թին մէջ քննա­դա­տեց նաեւ Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը։

Ա­պա ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ի­րա­ւա­գէտ Ռի­թա Էն­տէր, որ նա­խագծի յղա­ցող­նե­րէն մէկն է։ Ան կա­րե­ւո­րեց ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու պատ­մեց նա­խագ­ծի հիմ­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան նոյն­պէս դա­տա­պար­տեց յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը ու նշեց, թէ յար­ձա­կու­մը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցով է, որ ան­մի­ջա­պէս տա­րա­ծո­ւած է, ինչ որ ան­գամ մը եւս ցոյց կու տայ ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Ա­պա ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ օ­րուան գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը՝ «Քոն­տա» ըն­կե­րու­թեան վա­րիչ Պե­քիր Ա­ղըր­տըր։ Ան ը­սաւ, որ կը կա­րե­ւո­րէ միաս­նա­բար ապ­րե­լու մշա­կոյ­թը, հե­տե­ւա­բար սրտանց նե­ցուկ են նման նա­խագ­ծի մը ի­րա­կա­նաց­ման։ Ան ը­սաւ, որ Թուր­քիոյ մէջ կը բա­ցա­կա­յին ժո­ղովր­դագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւոր են ի յայտ բե­րե­լու հա­մար զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­ղըր­տըր շեշ­տեց, թէ նոյ­նիսկ փոք­րա­մաս­նու­թեանց թո­ւա­քա­նա­կը չի գիտ­ցո­ւիր։ Այս տե­սա­կէ­տէ կա­տա­րո­ւած հար­ցա­խոյ­զը ոչ միայն ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէ, այլ նաեւ՝ ժո­ղովր­դագ­րու­թեան։ Ան ա­պա խօ­սե­ցաւ ի­րենց կի­րար­կած մե­թո­տին մա­սին. քա­նի որ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վե­րա­բե­րեալ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան թիւ մը չու­նին, ա­ւե­լի բարդ ե­ղած է ի­րենց աշ­խա­տան­քը։ Հար­ցում­ներ ուղ­ղուած են փոք­րա­մաս­նու­թեանց պատ­կա­նող 746 ան­ձե­րու. առ­ցանց եւ դպրոց­նե­րու, ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րու եւ զա­նա­զան հա­ւաք­նե­րու շրջագ­ծով եւ ըստ ի յայտ ե­կած ար­դիւն­քին՝ սե­ռի ու տա­րի­քի ա­ռու­մով նոյ­նան­ման ար­դիւնք­ներ առ­նո­ւած են Թուր­քիոյ չա­փա­նիշ­նե­րով։ Ա­ղըր­տըր ը­սաւ, թէ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ուս­ման մա­կար­դա­կը Թուր­քիոյ չա­փա­նիշ­նե­րով բարձր է։ Հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից­նե­րուն 93 տո­կո­սը կը բնա­կի Պոլ­սոյ մէջ եւ ա­նոնց­մէ միայն 1.7 առ հա­րիւր տո­կոսն է, որ կ՚աշ­խա­տի որ­պէս պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ։ Կրօ­նի հետ յա­րա­բե­րու­թեան, ար­դիա­պաշ­տու­թեան ու ա­ւան­դա­կան հա­ւա­տա­ցեա­լի ինք­նու­թեան ա­ռու­մով ընդ­հա­նուր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի մօտ կանգ­նած են ար­դիա­պաշտ չա­փա­նիշ­նե­րուն։ Ըստ ար­դիւնք­նե­րուն, մշա­կոյթն է, որ ա­ռա­ջին տե­ղը կը գրա­ւէ ինք­զինք ար­տա­յայ­տե­լու եւ բնո­րո­շե­լու մէջ։

Ա­մե­նաու­շագ­րաւ պա­տաս­խան­նե­րը ե­կած են կար­ծի­քի ար­տա­յայտ­ման ա­զա­տու­թեան եւ ա­տե­լա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու շուրջ։ Ըստ ար­դիւնք­նե­րուն, փոք­րա­մաս­նու­թեանց 41 առ հա­րիւ­րը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ժա­մա­նակ ինք­զինք մտա­հոգ կը զգայ։ Միայն 19 առ հա­րիւր տո­կոսն է, որ կ՚ար­տա­յայ­տէ ա­զա­տօ­րէն։ Հար­ցում մը կը վե­րա­բե­րէր տար­բեր ինք­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցող ան­ձե­րու ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը ապ­րե­լու առ­ջեւ դրո­ւած ար­գելք­նե­րուն։ Քիւր­տե­րը այս ա­ռու­մով պա­տաս­խա­նած են, թէ օ­րի­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն­ներն են այդ ար­գելք­նե­րը, իսկ տար­բեր հա­ւատ­քի տէր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ որ­պէս ար­գելք նկա­տած են հա­սա­րա­կա­յին ճնշու­մը։ Հար­ցա­խոյ­զի ար­դիւնք­ներն ալ կը հաս­տա­տեն այս տե­ղե­կու­թիւ­նը։

Պե­քիր Ա­ղըր­տըր նշեց, թէ միաս­նա­բար ապ­րե­լու հա­մար կա­րե­ւոր է շփում հաս­տա­տե­լը։ Գաղ­թը, գոր­ծա­տե­ղիի մէջ միաս­նա­բար աշ­խա­տի­լը, նոյն շէն­քին մէջ բնա­կի­լը, ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին ե­ղած հան­դի­պում­նե­րը ա­ռիթ­ներ են, ո­րոնք ան­ձը դուրս կը բե­րեն «վայ­րե­նու­թե­նէ» եւ տար­բեր ինք­նու­թիւն­նե­րուն ու­նե­ցած զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը պէտք չէ նկա­տո­ւին որ­պէս վտան­գա­ւոր հան­գա­մանք­ներ։ Բա­նա­խօ­սը շեշ­տեց, թէ պէտք է ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նա­նայ նախ կրթու­թիւ­նը եւ ա­պա ի­րա­ւա­կան հա­մա­կար­գը. անհ­րա­ժեշտ է նաեւ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու վե­րա­ցու­մը։

Ա­ղըր­տը­րէն ետք խօսք ա­ռին նաեւ «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նէն Ու­լաշ Քա­րան, Ա­լի Քա­րա­քաշ եւ Ճեմ­րէ Պայ­թոք։

Զե­կոյ­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ Յու­նիս 17-էն սկսեալ պի­տի տե­ղադ­րո­ւի www.sosyalmedyaveazinliklar.com կայ­քէ­ջէն։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015