ՈՒՈՐԼԻՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, Նալպանտեան-Ուորլիք հանդիպումը տեւեց ընդամէնը հինգ վայրկեան, սակայն անոնք դուրս ելան միասին՝ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի ուղեկցութեամբ եւ հեռացան ինքնաշարժով։ Ուորլիք այս առթիւ յայտարարեց, թէ այցելութեան նպատակն է քննարկել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Համանախագահը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ խոր-հըրդարանական խումբ մը պատգամաւորներու հետ։
Ճէյմս Ուորլիք ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին ներկայ փուլին եւ հետագայ քայլերուն վերաբերեալ հարցեր։
Ճէյմս Ուորլիք Երեւանի մէջ պատասխանեց նաեւ «Արմէնփրէս»ի կողմէ իրեն ուղղեալ հարցումի մը։ Այսպէս, ան յայտարարեց, թէ Մինսքեան խմբակի համանախագահները տրամադրուած չեն եռանախագահութեան ձեւաչափի փոփոխութեան։ «Մենք պիտի շարունակենք աշխատանքը Մինսքեան խմբակի ձեւաչափով, որովհետեւ սա է ներկայիս կողմերու համար ընդունելին», նշեց ան։ Ուորլիք ըսաւ, թէ խնդիրը բանակցութիւններու ձեւաչափը չէ, այլ ի վերջոյ սա հակամարտութիւն մըն է, որու վերաբերեալ որոշումները պէտք է կայացնեն երկու երկիրներու նախագահներն ու ժողովուրդները։ «Երբ իրենք որոշեն, որ եկած է խաղաղութեան, կարգաւորման ժամանակը, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք միջնորդելու, նպաստելու այդ կարգաւորման», ըսաւ ան։