ԱՆՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) շար­քե­րէն ներս պա­ռակտ­ման հար­ցը միշտ կը մնայ օ­րա­կար­գի վրայ։ Վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ՌԱԿ-ի եր­կու հա­մա­գու­մար­ներ եւ այդ ե­րե­ւոյ­թը ե­կաւ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ որ­քան դժուար է պա­ռակտ­ման յաղ­թա­հա­րու­մը։ ՌԱԿ-ի վե­րա­կանգ­նու­մի եւ միու­թեան հե­տա­մուտ շարժ­ման կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­գու­մա­րին ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց ու­րիշ հա­մա­գու­մար մը։ Հե­տաքրք­րա­կան էր, որ երկ­րորդ հա­մա­գու­մա­րին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Վե­րա­կանգ­նու­մի եւ միու­թեան շարժ­ման հե­տա­մուտ ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կեր­պիչ կու­սակ­ցա­կան­նե­րը ար­դէն ան­մի­ջա­պէս մամ­լոյ ա­սու­լիս մը կազ­մա­կեր­պե­լով ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց վրդով­մուն­քը երկ­րորդ հա­մա­գու­մա­րին դէմ։

Մինչ կու­սակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը շա­րու­նա­կուին այդ վե­րի­վայ­րում­նե­րը, Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թին մէջ վեր­ջերս հար­ցազ­րոյց մը լոյս տե­սաւ ՌԱԿ-ի յայտ­նի դէմ­քե­րէն Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեա­նի հետ։ Ստո­րեւ կ՚ար­տատ­պենք Ժի­րայր Չո­լա­քեա­նի կող­մէ կա­տա­րուած այս հար­ցազ­րոյ­ցը։

*

ԽՄԲ.- Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են եւ դեռ ալ ո­րոշ չա­փով ու­նին Սփիւռ­քի հա­մայ­նա­կան կեան­քի մէջ։ Սա­կայն, շատ քիչ կը խօ­սուի ա­նոնց մա­սին։ Սա­կաւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան ծրագ­րե­րու, հե­ռան­կար­նե­րու, ընտ­րա­պայ­քա­րի, ներ­քին տագ­նապ­նե­րու, ազ­գա­յին կա­րե­ւոր հար­ցե­րու մա­սին միջ­կու­սակ­ցա­կան ա­սու­լիս­ներ, ղե­կա­վար ան­ձե­րու մի­ջեւ հան­րա­յին վի­ճար­կում­ներ։

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը կ՚ան­ցը­նէ տագ­նա­պա­լի շրջան, ո­րուն մա­սին բա­ցէ ի բաց կ՚ար­տա­յայ­տուի վար­չա­կան ու խմբա­գիր՝ Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան։

-Ապ­րիլ 19-էն 21, ՌԱԿ-ի Վե­րա­կանգ­նու­մի եւ միու­թեան մար­մի­նը կա­յա­ցուց իր երկ­րորդ հա­մա­գու­մա­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս առ­թիւ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կուե­ցաւ, ուր կը յի­շուի որ «Վե­րա­կանգ­նու­մի եւ միու­թեան շար­ժու­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ՌԱԿ-ի շրջա­նա­ւարտ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մի­ջեւ կա­յա­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը չեն յան­գած ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի»։ Կր­նա՞ք ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նել, թէ հար­ցը ին­չո՞ւ է։ Պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թին մէջ ի՞նչն է, որ ան­հաշտ զար­գա­ցում ու­նե­ցած է։

-Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը քսան­հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր, այ­սինքն՝ Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թեան ծնուն­դէն ի վեր տա­կա­ւին չկրցաւ գտնել իր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը: Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռած էր, Սփիւռ­քի քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րուն տակ, որ կա­րե­նա­յինք հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ստեղ­ծել Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, ի հե­ճուկս ձե­զի ծա­նօթ Պաղ պա­տե­րազ­մի ար­գելք­նե­րուն: Խորհր­դա­յին կար­գե­րու այս­քա՛ն ա­րագ փլու­զու­մը ա­նակն­կա­լի բե­րաւ ոչ միայն հայ­րե­նա­մերձ մեր ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ու բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ՝ հայ­րե­նաբ­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դը:

Ու­րեմն, հա­կա­ռակ այս պայ­ման­նե­րուն, ՌԱԿ-ը իր կա­ռոյց­նե­րը հաս­տա­տեց Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ դար­ձաւ երկ­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղա­քա­կան ու­ժը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս: Դժբախ­տա­բար, Հա­յաս­տա­նի օ­րուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցան բա­ցա­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ եւ ա­տոր որ­պէս հե­տե­ւանք՝ եր­կար ա­տեն մենք հե­ռու մնա­ցինք Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ի­րա՛ւ բե­մէն: Ռամ­կա­վար­նե­րուս մօտ ներ­քին կար­գա­պա­հա­կան դրոյ­թը ըլ­լա­լով ա­ւե­լի ա­զա­տա­կան եւ ռամ­կա­վա­րա­կան, չկրցանք պէտք ե­ղած ուժգ­նու­թեամբ ու հրա­հան­գով մէկ դրօ­շի տակ հա­մախմ­բել մեր կա­ռոյց­ներն ու շար­քե­րը: Կա­մաց-կա­մաց փուլ ե­կան նաեւ մե­զի հա­մա­խոհ ու լծա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ տա­րի­նե­րու վրայ մշա­կուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­սոնց որ­պէս հե­տե­ւանք՝ դժբախ­տա­բար սկսաւ ծայր առ­նել ներ­քին տագ­նապ մը, որ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ի­րեր­յա­ջորդ ութ ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րէ ետք, տա­կա­ւին կը մնայ ան­լոյծ:

Տագ­նա­պը չու­նի գա­ղա­փա­րա­կան տե­սա­կէտ­նե­րու բա­ժա­նում: Բա­րե­բախ­տա­բար: Այ­լա­պէս, շա­տոնց ար­դէն կու­սակ­ցու­թիւ­նը բաժ­նուած պի­տի ըլ­լար եր­կու­քի: Ու աս­կէ մեկ­նե­լով, գլխա­ւոր եր­կու հո­սանք­նե­րը, անց­նող գո­նէ ե­րեք տա­րի­նե­րուն ու­նե­ցան խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում­ներ՝ ո­րո­նե­լու հա­մար ճամ­բա­ներ, մի­ջոց­ներ՝ վե­րա­դարձ­նե­լու կու­սակ­ցու­թեան մէ­կու­թիւ­նը: Ը­սեմ նաեւ որ լուրջ կա­նո­նագ­րա­յին խախ­տում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ՌԱԿ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ, աշ­խա­րհագ­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու ան­տե­ղի եւ ա­պօ­րէն բա­ժա­նու­մով, պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով­նե­րուն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ձայ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւն, ինչ որ ա­ւե­լի սրեց կա­ցու­թիւ­նը կող­մե­րուն մի­ջեւ:

Ու այս տխուր վի­ճա­կը մեր շար­քե­րը տա­կաւ մատ­նեց յու­սա­հա­տու­թեան եւ ա­ւե­լի գէ­շը՝ ան­տար­բե­րու­թեան: Կու­սակ­ցու­թեան տնտե­սա­կան ու­ժը կը մնայ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ոչ-են­թա­կայ միւս կա­ռոյց­նե­րուն մօտ. հե­տե­ւա­բար, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը չու­նի նիւ­թա­կան լայն մի­ջոց­ներ եւ դա­տա­պար­տուած կը մնայ ան­գոր­ծու­թեան: Մամ­լոյ եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տու կա­րե­ւոր այլ մի­ջոց­նե­րուն վրայ չու­նի ազ­դե­ցու­թիւն, այն­քա՛ն, որ նոյ­նիսկ չու­նի հաս­ցէ: Միւս կող­մէ Հա­յաս­տա­նի ՌԱԿ-ի մեր կա­ռոյց­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն պա­հել ի­րենց սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Կեդ­րո­նին ոչ-են­թա­կայ մար­մին­նե­րուն հետ: Ու այս պայ­ման­նե­րու տակ է, որ այս Մա­յի­սին պի­տի ջա­նան գու­մա­րել ՌԱԿ-ի 27-րդ Ընդ­հա­նուր պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը: Ար­դէն ան­ցեալ աշ­նան Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ գու­մա­րուե­լիք ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը յե­տաձ­գած էին:

Մինչ այդ, այս Ապ­րի­լին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Վե­րա­կանգ­նու­մի եւ միու­թեան շար­ժու­մին երկ­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը եւ ու­նե­ցաւ դրա­կան ար­դիւնք: Շար­ժու­մին կող­մէ կա­րե­լի էր յայ­տա­րա­րել Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան մը կազ­մու­թիւ­նը, նկա­տի ու­նե­նա­լով շրջա­նակ­նե­րէ ե­կած ներ­կա­նե­րու թի­ւին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, սա­կայն ներ­կա­նե­րը ա­ւե­լի նա­խան­ձախն­դիր ՌԱԿ-ի ա­պա­գա­յով՝ չը­րին ա­տի­կա, ա­ռիթ տա­լու հա­մար շա­րու­նա­կե­լու երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ գա­լու սպա­սուած վերջ­նա­կան միու­թեան:

-ՌԱԿ միշտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն զօ­րա­կից ե­ղած է, ան­կախ՝ վար­չա­կար­գէն։ Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր, նկա­տի առ­նե­լով երկ­րին քա­ղա­քա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րը, ՌԱԿ-ի Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ան­սա­կարկ նե­ցու­կը ո­րե­ւէ ընկր­կում կրա՞ծ է։ Ներ­քին պա­ռակ­տում­նե­րու կամ հար­ցադ­րում­նե­րու ազ­դակ ե­ղա՞ծ է։

-Ինչ­պէս ակն­յայտ ի­րո­ղու­թիւն է, ըլ­լա՛յ ա­ռա­ջին, երկ­րորդ ու հի­մա՝ եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու հետ մի՛շտ ալ ՌԱԿ-ը ու­նե­ցած է ան­վե­րա­պահ եւ սի­րա­լիր գոր­ծակ­ցու­թիւն: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մէջ ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նա­կան հի­ւան­դա­գին այդ վի­ճա­կէն դուրս ե­լած, մե­զի հա­մար Հա­յաս­տա­նին ու մեր ժո­ղո­վուր­դին օգ­տա­կար ըլ­լա­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ մեր եղ­բայ­րա­կան ձեռ­քը եր­կա­րած ենք, ան­կախ՝ այդ իշ­խա­նու­թեան գլու­խը ե­կող մար­դոց գա­ղա­փա­րա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն: Գի­տէք, որ 1920-ին ՌԱԿ-ը ձեռ­նար­կած էր Անգ­լիա­յէն օ­դա­տոր­մի­ղի մը գնու­մին, ա­ռա­քե­լու հա­մար Ե­րե­ւան, սա­կայն վար­չա­ձե­ւի փո­փո­խու­թիւ­նը պատ­ճառ ե­ղած էր, որ այդ ծրա­գի­րը ձա­խո­ղէր եւ մենք այդ տա­րի­նե­րուն մե­ծա­գու­մար դրա­մը կորսն­ցու­ցած ե­ղանք:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի այ­սօ­րուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ը­սեմ, որ Թուր­քիոյ հետ Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու օ­րե­րուն մեր հա­մամ­տու­թիւ­նը յայտ­նե­ցինք ա­նոր ստո­րագ­րու­մին առ­թիւ: Մինչ այդ, այ­սօր Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հետ գոր­ծող ՀՅԴ, Լոս Ան­ճը­լը­սի մէջ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րով դի­մա­ւո­րեց մեր Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նը: Մեծ ոս­տան­նե­րու մէջ՝ Նիւ Եորք, Գա­հի­րէ, Լոս Ան­ճե­լըս, Մոն­րէալ եւ այ­լուր, ՌԱԿ-ը զօ­րակ­ցու­թեան հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պեց նա­խա­գա­հին ի նպաստ: Ես վստահ եմ, որ երբ վերջ­նա­կան միու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տուի մեր կու­սակ­ցու­թեան մէջ, մենք դար­ձեալ պի­տի ամ­րագ­րենք մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն ներս, որ­պէս դրա­կան ուժ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւն: Կը պա­հենք մեր սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նաեւ միւս քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն հետ:

-Իբր ՌԱԿ-ի վար­չա­կան, ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէք Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Հե­ռան­կար­նե­րը ո­րո՞նք են։

-Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան տագ­նա­պը պէտք է ըն­դու­նիք, որ իւ­րա­յա­տուկ ե­րե­ւոյթ մը չէ: Վստահ եմ, որ լա­ւա­տե­ղեակ էք, թէ այդ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան տխուր վի­ճա­կին մէկ հե­տե­ւանքն է, ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու տա­կա­ւին մեր հայ­րե­նի­քին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դժուա­րու­թիւն­նե­րը կա­պուած շրջա­փա­կու­մին, ար­ցա­խեան կռիւ­նե­րուն, Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ Ռու­սաս­տա­նի դէմ գոր­ծադ­րուող պա­տիժ­նե­րուն եւ մեզ­մէ ան­կախ այլ պատ­ճառ­նե­րու: Այս բո­լո­րով հան­դերձ սա­կայն, դժբախ­տա­բար կը շա­րու­նա­կուի սա­կա­ւա­պե­տե­րու ան­տար­բե­րու­թիւ­նը այս կա­ցու­թեան նկատ­մամբ, ո­րոնք երկ­րին հարս­տու­թիւ­նը կը շա­հար­կեն միա­կող­մա­նի կեր­պով, ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րը: Ինչ­պէս նախ­կին խորհր­դա­յին այլ եր­կիր­նե­րու պա­րա­գա­յին, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կած կամ իշ­խա­նու­թեան շուրջ դար­ձող ափ մը հա­յեր հարս­տա­հա­րե­ցին երկ­րին բնա­կան հարս­տու­թիւնն ու ան­շարժ կա­լուած­նե­րը: Թոյլ օ­րէնք­նե­րը եր­բե՛ք չկի­րար­կուե­ցան եւ ա­նոնց­մէ շա­տեր մնա­ցին ան­պա­տիժ: Սփիւռ­քէն հայ­րե­նա­սէր գոր­ծա­րար հա­յեր եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք ե­կան Հա­յաս­տան եւ վե­րա­դար­ձան ձեռ­նու­նայն, յու­սա­խաբ եւ դժբախ­տա­բար եր­բեմն ալ կորսն­ցու­ցած՝ ի­րենց դրա­մա­կան ներդ­րում­նե­րը:

Ժա­մա­նա­կը փոր­ձա­ռու­թիւն բե­րաւ եւ այդ սխալ­նե­րը չկրկնե­լու յոյ­սով, այ­սօր ալ կարգ մը սփիւռ­քա­հա­յեր կը շա­րու­նա­կեն կա­տա­րել ներդ­րում­ներ: Վստահ եմ, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րը պի­տի յաղ­թա­հա­րուին եւ մար­դիկ ան­վախ պի­տի բա­նան նոր ըն­կե­րու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Բա­րե­բախ­տա­բար, Ռու­սաս­տան լայն բա­ցած է իր դռնե­րը հա­յաս­տան­ցի բա­նուոր­նե­րուն առ­ջեւ ու ա­նոնք ի­րենց շա­հած գու­մար­նե­րը կ՚ու­ղար­կեն ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն: Հոս դար­ձեալ կրկնե­լու սի­րոյն պէտք է յի­շեց­նել մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, թէ Ռու­սաս­տա­նը կը մնայ տա­րա­ծքաշր­ջա­նի մեր միակ ու վստա­հե­լի բա­րե­կա­մը: Հա­կա­ռուս զգայ­նու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նող քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր պար­զա­պէս ա­նի­րա­տես մար­դիկ են:

-Ինչ­պէ՞ս կը տես­նէք սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ա­պա­գան եւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ տնտե­սա­կան, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս։

-Տաս­նա­մեակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ ՌԱԿ-ը միշտ ալ գուր­գու­րա­ցած է Հա­յաս­տան-Սփիւռք ան­կեղծ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Ու­րախ եմ ը­սե­լու, որ ա­նոնց ան­կեղ­ծու­թեան լա­ւա­տե­ղեակ է Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­հի Տի­կին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նը, որ մօ­տէն ծա­նօթ ե­ղած է մեր ղե­կա­վար­նե­րուն ու ԹՄՄ­-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն: Ի գին դար­ձեալ կրկնե­լու՝ յի­շեց­նենք, որ Մըք­Քար­թիզ­մի եւ Թրու­մը­նեան վար­դա­պե­տու­թեան Պաղ պա­տե­րազ­մի բո­վան­դակ տա­րի­նե­րուն, ան­վա­խօ­րէն մենք պա­հե­ցինք մեր կա­պը Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի հետ, գաղ­թա­հա­յու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րե­ցինք ներդ­րում ու­նե­նա­լու հայ­րե­նի­քի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն ու ձեռ­բե­րում­նե­րուն, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան, գի­տա­կան, շի­նա­րա­րա­կան կեան­քին մէջ, մէկ կող­մէն ծա­նօ­թաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի մեծ ա­նուն­նե­րը սփիւռ­քա­հա­յու­թեան եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ մե­րին­նե­րը Հա­յաս­տա­նին: Ու տա­րօ­րի­նակ թող չթուի ե­թէ ը­սենք, թէ քսան­հինգ տա­րի­ներ ա­ռաջ երբ ծնունդ ա­ռաւ մեր եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը ար­դէն ծա­նօթ էր իր նուա­ճում­նե­րով:

Այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պէտք է ա­ւե­լի սեր­տա­նան եւ դառ­նան ա՛լ ա­ւե­լի ան­կեղծ: Կու­սակ­ցա­կան ու հա­տուա­ծա­կան շա­հե­րէ պէտք չէ թե­լադ­րուին ա­նոնք, այլ՝ պէտք է ա­ռաջ­նոր­դուին մա­քուր հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ: Պէտք չէ, որ ա­տի­կա ծա­ռա­յէ սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րէ եւ հա­մայնք­նե­րէ ներս ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­ներ ստեղ­ծե­լու, այ­լա­պէս ան պատ­ճառ կը դառ­նայ որ օ­տար եր­կիր­նե­րու մէջ ծնած ու հա­սակ ա­ռած սե­րուն­դը հե­ռա­նայ հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րէն:

-Հա­յա­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւս ՌԱԿ-ի յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կան ե­ղած է միշտ։ Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ՝ հա­ւատ­քի ամ­րապնդ­ման, հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։

-Կա­րե­լի չէ ու­նե­նալ լուրջ գոր­ծակ­ցու­թիւն նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու մի­ջեւ եւ կամ ինչ կը վե­րա­բե­րի մեր ա­ւան­դա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու՝ ՌԱԿ-ՀՅԴ-ՍԴՀԿ եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ, այն­քան ա­տեն որ չէ լու­ծուած ե­կե­ղե­ցա­կան տագ­նա­պը: Թող մար­դիկ չձե­ւաց­նեն, որ տագ­նապ գո­յու­թիւն չու­նի. ա­ւան­դա­կա­նօ­րէն եւ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն Մայր Ա­թո­ռի թե­մե­րէն ո­մանք՝ Պարս­կաս­տա­նի ե­րեք թե­մե­րը, երկ­փեղ­կուած Յու­նաս­տա­նը եւ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րը տա­կա­ւին կը մնան բաժ­նուած Էջ­միած­նէն եւ բա­ցի Ան­թի­լիա­սէն ա­նոնք ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակն են ՀՅԴ­-ի քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեանց: Ե­թէ անց­նող քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած լուրջ դէպ­քերն ու ազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս դա­դար տուին ե­կե­ղե­ցա­կան տագ­նա­պին, ինչ­պէս Մեծ երկ­րա­շար­ժը, եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թեան ծնուն­դը, ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մը եւ հո­ղե­րու ա­զա­տագ­րու­մը, սփիւռ­քեան տե­ղա­շար­ժե­րը, սու­րիա­հա­յու­թեան տխուր վի­ճա­կը, Ե­ղեռ­նի դա­րա­դար­ձի նշու­մը... ա­պա ան կը մնայ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ տխուր ցա­ւը: Ա­ռանց օ­րի­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի կա­րե­լի չէ ա­պա­հո­վել Ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թիւ­նը: Ան ար­դիւնքն է Պաղ պա­տե­րազ­մին: Հի­մա որ այ­լեւս ան ա­ւար­տած է եւ Էջ­միա­ծին կ՚ապ­րի իր պատ­մու­թեան անց­նող վեց հա­րիւր տա­րի­նե­րու ոս­կե­դա­րը, պատ­ճառ չկայ որ յա­մա­ռօ­րէն շա­րու­նա­կուի երկ­փեղ­կու­մը:

Մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի պի­տի դրսե­ւո­րուի, բեղմ­նա­ւո­րուի ե­թէ ներ­կա­յա­նանք հա­յու­թեան ու աշ­խար­հին որ­պէս մէկ ու ան­բա­ժան Ե­կե­ղե­ցի:

Պէտք է յի­շեց­նել, որ այս բա­ժա­նու­մը իր ժխտա­կան անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ եւ դեռ կ՚ու­նե­նայ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան վրայ: Նաեւ՝ յում­պէտս կը մսխուի մեծ գու­մար­ներ, պա­հե­լով նոյն գա­ղութ­նե­րու մէջ եր­կու ա­ռաջ­նոր­դա­կան ա­թոռ­ներ ու քո­վըն­տի հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Ի վեր­ջոյ ան­ջա­տեալ ե­կե­ղե­ցին ի­րա­ւունք չու­նի ժո­ղո­վուր­դէն հա­ւա­քուած այդ գու­մար­նե­րը ծախ­սե­լու, նոյն նպա­տակ­նե­րուն հա­մար, երբ նոյն քա­ղա­քին մէջ ար­դէն հաս­տա­տուած է ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի­նե­րէ ի վեր օ­րի­նա­ւոր Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը:

Ու այս ամ­բող­ջը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ նոր սե­րուն­դին մօտ աս­տի­ճա­նա­բար տկա­րա­նայ հա­ւատ­քը, հա­յու հա­ւատ­քը, ե­կե­ղե­ցիին հան­դէպ յար­գան­քը: Ե­կե­ղե­ցին պէտք չէ քա­ղա­քա­կա­նա­նայ եւ ծա­ռա­յէ կու­սակ­ցա­կան ու հա­տուա­ծա­կան բե­մի: Սուրբ խո­րա­նը պէտք է ծա­ռա­յէ հա­յու հա­ւատ­քին, որ­պէս սի­րոյ եւ միու­թեան խորհր­դա­նի­շ։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016