ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուրդ­նե­րու քար­տու­ղար­նե­րը վեր­ջերս ժո­ղով մը գու­մա­րե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ներ­կայ էր նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նո­րան­շա­նակ քար­տու­ղար Ար­մէն Գէոր­գեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ, որ ՀԱՊԿ կը ձգտի տա­կա­ւին վաղ փու­լի մէջ չէ­զո­քաց­նել հա­կա­մար­տու­թեան ի­րա­վի­ճակ­նե­րը եւ այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ իր նե­րու­ժը։

Ե­րե­ւա­նի քննար­կում­նե­րուն լոյ­սին տակ Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա եւ Ար­մէն Գէոր­գեան սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը այս շրջագ­ծով ա­ռանձ­նա­ցուց ան­դամ եր­կիր­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րու յա­գե­ցուա­ծու­թեան ա­ճը, ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րուե­ցաւ նաեւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու նե­րու­ժին ամ­րապն­դու­մը։ Հարկ է նշել, որ ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նին ի­րա­ւունք վե­րա­պա­հուած է ար­տօ­նեալ սա­կագ­նե­րով զէն­քի վա­ճառք ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու հար­ցին՝ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը ար­տա­յայ­տեց այն մօ­տե­ցու­մը, թէ անհ­րա­ժեշտ է զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծել միայն այն տա­րած­քաշր­ջան­նե­րու պա­րա­գա­յին, ո­րոնք ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու անվ­տան­գու­թեան վրայ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա ընդգ­ծեց նաեւ, թէ ՀԱՊԿ-ի տա­րած­քի ան­մի­ջա­կան մօ­տա­կայ­քի զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը սպառ­նա­լիք կը հա­մա­րուին ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Հե­տե­ւա­բար, ՀԱՊԿ ա­նու­շադ­րու­թեան չի մատ­ներ նման ե­րե­ւոյթ­նե­րը։

Պա­տաս­խա­նե­լով Ապ­րի­լի սկիզ­բին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­նե­րուն՝ Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա յի­շե­ցուց Ռու­սաս­տա­նի աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ի­րադ­րու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ հա­մա­պա­տաս­խան լուծ­ման մը գտնուե­լուն ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ Պոր­տեու­ժա­յի, ՀԱՊԿ-ի ազ­դե­ցու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծօնն է քա­ղա­քա­կան լծա­կը։ «Այդ տե­սա­կէ­տէն պէտք է դի­տար­կել ՀԱՊԿ-ի դե­րը։ Մեր գլխա­ւոր յաղ­տա­թուղ­թը քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թիւնն է։ Ա­նոր նե­րու­ժը ի գործ դրուած է ամ­բողջ ծա­ւա­լով», ը­սաւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը։

Ներ­կա­յիս ՀԱՊԿ կը նա­խա­տե­սէ ու­նե­նալ նաեւ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ հա­մա­կարգ մը։ Պոր­տեու­ժա­յի հա­մոզ­մամբ, այդ հա­մա­կար­գին ստեղ­ծու­մը անվ­տան­գու­թեան բարձ­րաց­ման ուղ­ղեալ շատ լուրջ մի­ջո­ցա­ռում մըն է։

Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին ալ դար­ձեալ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն նստաշր­ջա­նը։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016