ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ ԵՒՍ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ

Հա­լէ­պի մէջ դա­ւա­դիր հրա­սան­դի մը պայ­թիւ­նին հե­տե­ւան­քով, ծա­ռա­յու­թեան պատ­նէ­շի վրայ նա­հա­տա­կուե­ցաւ Ռաֆ­ֆի Պը­չաք­ճեան։ Այս մա­սին կը յայտ­նէ «Գան­ձա­սար»ի խմբա­գիր Զար­միկ Պօ­ղի­կեա­ն։

Յի­շեց­նենք, որ վեր­ջին շա­բա­թը  հա­յա­շատ Նոր գիւղ, Սու­լէյ­մա­նիէ եւ Ա­զի­զիէ թա­ղա­մա­սե­րը զի­նեալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ կը հրթի­ռա­կո­ծուին, ո­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուած էին Վազ­գէն Ճա­պաղ­ջու­րեա­ն, Լե­ւոն Քէլ­խա­չե­րեա­ն,  Յով­սէփ Ջա­նե­ցեա­ն, Խա­չիկ Ա­պու­լա­պու­թեա­ն։ Ա­ւե­լի ուշ զո­հուե­ցաւ նաեւ Պե­թի Ներ­սէ­սեա­ն։

Մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րուն կող­քին ար­ձա­նագ­րուե­ցան նիւ­թա­կան մեծ վնաս­ներ, քան­դուե­ցան բնա­կա­րան­նե­ր։

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016