ՇԱՏ ԱՐԱԳ ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. «ՍՓԻՒՌՔ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2016»
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ՝ Յուլիսի 3-30 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2016» ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ։
Ծրագրին նպատակն է հայապահպանութեան խթանումը հայոց լեզուի ուսուցման միջոցով։
Ուսումնական ծրագիրը պիտի ուղեկցուի Հայաստանի պատմամշակութային եւ տեսարժան վայրեր շրջագայութիւններով, թանգարաններ, արուեստանոցներ, կրթամշակութային հաստատութիւններ, նորարարական կեդրոններ այցելութիւններով:
Մասնակիցներուն պիտի տրուի հաւաստագիր, եթէ անոնք կատարեն իրենց կողմէն ընտրած գործնական աշխատանքը՝ ստանալով յանձնաժողովի դրական գնահատականը, ինչպէս նաեւ դասընթացքի ժամանակ չունենալով երեքէ աւելի բացակայութիւն:
Ծրագրին կրնան մասնակցիլ միայն սփիւռքահայերը, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չեն (բացառութեամբ երկքաղաքացիութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու) կամ վերջին տասն տարուան ընթացքին մշտական բնակութիւն չեն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Առաջին անգամ մասնակցող սփիւռքահայերը կ՚ապահովուին գիշերակացով (հնարաւոր է 3-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային սենեակներով):
Բնակութեան երկրէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութեան ծախսերը կը հոգան մասնակիցները:
Ելեկտրոնային գրանցման համար անհրաժեշտ է մուտք գործել ծրագրի պաշտօնական կայքը՝ www.dss.am «Դպրոց» ենթաբաժին, սովորենք հայերէն բաժնին մէջ գտնուող «գրանցուիլ» մասը:
«Եռագոյն»