ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՆՅՈՒՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ՄԷՋ
Անցնող Չորեքշաբթի երեկոյեան մինչ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու իր գլխաւորած կառավարութեան Մոսկուա տուած այցին «պտուղները» պիտի ներկայացնէր, անդին երկու պաղեստինցիներ Թել Աւիւի Շըրոնա շրջանին մէջ ահաբեկչական արարք մը կը գործէին: Անոնք իսրայէլացի քաղաքացիներու հագուկապով կը մտնէին առեւտրական կեդրոնի մէջ եղող ճաշարան մը եւ ուտելիք պատուիրելէ ետք կրակ կը բանային այնտեղ եղողներուն ուղղութեամբ: Կը վիրաւորուէին ինն անձեր, որոնց չորսը կը մահանային աւելի ուշ: Իսրայէլեան ապահովական մարմիններ յաջորդ առաւօտ կը յայտարարէին, որ սպաննեալներուն մէջ կար Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատու սպայ մը:
Մասնաւորապէս Կազզէ շրջանի պաղեստինցիներ ցնծութեամբ կ՚ընդունէին լուրը:
Պաղեստինցիներու պատգամը տեղ հասած էր:
Պատգամը բնականաբար ուղղուած էր Իսրայէլի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Աւիքթոր Լիպըրմանին:
Իսրայէլացի մէկէ աւելի վերլուծաբաններ զարմանք կը յայտնէին տեղի ունեցած թափանցումին համար: Պէտք է նաեւ շեշտադրել, որ յարձակումը կը կատարուէր Իսրայէլի զինուորական գերագոյն հրամանատարութեան շէնքին կից:
Իսրայէլ վերատեսութեան կ'ենթարկէր իր ապահովական բոլոր միջոցառումները, եւ իսլամական Ռամազան ամսուան առթիւ 83 հազար Արեւմը-տեան ափ ապրող պաղեստինցիներու իսրայէլեան շրջաններ մուտք գործելու արտօնագրերը չեղեալ կը համարուէին:
Աւելի՛ն, իսրայէլեան մարմիններ կ՚առկախէին պաղեստինցիներու «Ալ Աքսա» մզկիթին մէջ աղօթելու իրաւունքը ու պաշարման տակ կ՚առնէին պաղեստինեան Եանթա քաղաքը, որուն երկու քաղաքացիները՝ Խալէտ եւ Մուսա Մըխամրա կրակոցներուն հեղինակներն էին:
Մինչ Պաղեստինի Նախագահ Մահմուտ Ապպաս կը դատապարտէր պատահածը, նաեւ դիտել կու տար, որ նման գործողութիւն մը չէր կրնար տագնապը դուրս հանել փակուղիէն:
«Իսլամական ճակատ»ի բանբեր մը եղած դէպքը կը համարէր պատգամ՝ ուղղուած Լիպըրմանին: Պատգամը բառացի առումով պէտք չէ հասկնալ, այլ բացայայտ է, որ Լիպըրմանի ունեցած ծայրայեղական մօտեցումներուն դիմաց պաղեստինեան արմատական կողմը կը փորձէր քայլ մը առաջ երթալով «ջիղերու պատերազմ»ի մը սկսիլ:
Տակաւին պարզ չէ, թէ ո՛ւր կը յանգեցնէ այս պատերազմը, սակայն յստակ է, որ Իսրայէլի «քապինէթ»ը (փոքրացուած կառավարութիւն) լուռ պիտի չմնայ այս յարձակումին դիմաց:
Եթէ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան վերջին շրջանին զարգացումները հաշուի առնենք, երեւելի կը դառնայ, որ նախաձեռնութիւն կատարելու հիմնական ներուժը անցած է անկուսակցական պաղեստինցիներուն ձեռքը: Ատելութեան վրայ հիմք ստացած դանակահարումի դէպքերը դարձած են յաճախակի: Յարձակում կատարողները, ինչպէս Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցած կրակոցի դէպքը կատարողները, կը կարծուի, թէ անկուսակցական են: Ու հոս է, որ իրավիճակը կրնայ աւելի վտանգաւոր դառնալ: Կազզէէն դուրս գտնուող պաղեստինցիները լուրջ վերաբերմունք չունին իրենց կառավարութեան հանդէպ ու երկար տարիներու վրայ անոնց մօտ գոյացած հակաիսրայէլեան ատելութիւնը ձիւնագնդակի նման սկսած է աճիլ:
Նշմարելի է, որ խնդրի լուծման համար տարուող բանակցային բոլոր գործընթացները սառեցուած են ու ասոր հիմքով է նաեւ, որ դաշունահարող կամ կրակ բացող պաղեստինցիներու արարքները յայտնուած են «ըսելիք մը չունենալու» եւ «յանուն սպանութեան» գործուած վտանգաւոր ահաբեկչական գրոհներ:
Իսրայէլի վարչապետը, որ կրակոցի դէմքէն անմիջապէս ետք կը խօսէր լրագրողներուն, եղածը ահաբեկչութիւն համարելով հանդէս կու գար «ահաբեկչութեան դէմ պայքարող»ի դիրքերէն: Հասկնալի էին անոր մտահոգութիւնները, բայց եւ այնպէս Նեթանիյահու կը մոռնար իր ղեկավարած կառավարութիւններուն մասնաւորապէս անզէն քաղաքացիներուն դէմ կատարած բռնարարքները, որոնք շատ դիւրաւ կարելի է «պատերազմական ոճիր» համարել:
Մէկ կողմէ ամերիկեան նեցուկին ու միւս կողմէ իսրայէլեան բանակի ուժին վստահող Նեթանիյահու նոր չէ, որ քաղաքական լուրջ տագնապներու առջեւ է: Այդ տագնապին հիմնականը պաշտպանութեան նախկին նախարարին հրաժարականն էր, որմէ ետք Նեթանիյահու նոյն պաշտօնին կը նշանակէր, իր ծայրայեղական կեցուածքներով եւ հակատիալոկ մօտեցումներով յայտնի արաբատեաց՝ Լիպըրմանը:
Այս բոլորէն զատ Նեթանիյահու շատ լաւ գիտէ, որ երկրի բանակը երբեք ալ պատրաստ չէ նոր պատերազմներու: Անշուշտ, որ պատերազմի երթալու պատրաստ չեղող բանակը բաւականին լուրջ պատճառներ ունի, որոնց դիմաց Իսրայէլի նոր պաշտպանութեան նախարարը ցարդ վճռական որոշումներ առնելու փուլին մէջ չի գտնուիր:
Յառաջիկայ շաբաթներուն աւելի պարզ պիտի դառնայ ընդհանուր տեսարանը, բայց եւ այնպէս պաղեստինցիներու կողմէ կատարուած այս յարձակումը կրնայ կարեւոր այլ նշաններ պարունակել իր մէջ:
Այդ պատճառներէն երկուքը միայն նշելով կարելի է ըսել, որ՝
Առաջին. Պաղեստինցի քաղաքացիներուն կողմէ կատարուած գրոհները նպատակ ունին նման հրահրումներով պատերազմի ներքաշել Իսրայէլը:
Երկրորդ. ո՛ր անյուսութեան եւ ապագային հանդէպ հաւատքի կորուստով պայմանաւորուած այս «անձնասպանական» արարքները կատարողները կը փորձեն կոչ ընել «Համաս»ին եւ «Հիզպուլլահ»ին խօսելով, իրենց ծանր իրադրութեան մասին ու հաւատալ տալով, որ պաղեստինեան հիմնահարցը կարելի է լուծել միայն զինուորական ճանապարհով:
Այս բոլորէն զատ, մինչ Ռամ Ալլայի կառավարութիւնը այս գրոհներուն դէմ յայտնուած է ոչ մէկ բան ընողի դերին մէջ, անդին արմատական խմբաւորումներ, ինչպիսին են՝ «Իսլամական ճակատ»ը, «Համաս»ը, «Ըզ Ալ Տին Քասսամ»ը եւ այլ միաւորումներ, կը թուի, թէ քաղաքական պատրաստի ծրագիրներ չունին: Անոնք կը դատապարտեն իսրայէլեան վարմունքը, սակայն ըստ երեւոյթին ներկայ հանգրուանին պատրաստ չեն պատերազմելու: Անոնց մօտեցումը շատ հաւանաբար պայմանաւորուած է արտաքին ազդակներով եւ նոյնիսկ, իրենց նեցուկ հանդիսացող տէրութեանց, մասնաւորապէս Իրանի, պատերազմի մը «կանաչ լոյս»ը չտալու մօտեցումով: Բնականաբար իրանցիներու անուղղակիօրէն պաղեստինա-իսրայէլեան նոր պատերազմի մը չերթալու համոզումը կապ ունի Սուրիոյ եւ Իրաքի դէպքերուն հետ ու միայն այդ երկիրներու ընդհանուր իրավիճակին յսատկեցումէն ետք է, որ պաղեստինեան հարցը պիտի տարուի աւելի աշխոյժ փուլի մը:
Այս մօտեցումէն անդին, երբեք չէ բացառուած իսրայէլեան կողմէն զինուորական մեծ գործողութեան մը ձեռնարկելու նախաձեռնութիւնը, որ սակայն կրնայ աւազախրումի նոր հանգրուան մը ըլլալ Նեթանիյահույի կառավարութեան եւ «յոգնութեան» նշաններ ցոյց տուող բանակին համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան