ԵՐԵՒԱՆ-ՎԱՆ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔ

«Սփութնիք Արմէնիա» հաղորդեց, որ երէկ Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցած է մասնաւոր թռիչք մը։ Սա չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի վերջ վերջին պահուն այդ ծրագիրը ձախողած էր։ Ներկայիս, երէկ, բացառութեան կարգով տեղի ունեցած է այդ ուղղութեան վրայ թռիչք մը։

Յատուկ թռիչքը փոխադրած է Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Իշխան Զաքարեանի։ Օդանաւի ուղեւորներու շարքին գտնուած են նաեւ խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ։ Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլն ալ գտնուած է այդ ուղեւորներու շարքին։

Երեւանէն Վան հասնող թռիչքի ուղեւորները, Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, դիմաւորուած են օդակայանի մէջ պաշտօնատարներու կողմէ։ Անոնք այցելած են Վան եւ Իգդիր։ Այս երկու քաղաքներուն մէջ ալ Իշխան Զաքարեան եւ ընկերակիցները հիւրընկալուած են համաքաղաքապետներուն կողմէ։ Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Աղթամար կղզի, ուր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ չարթըր օդանաւի ուղեւորները կատարած են ուխտի աղօթք մը։

Վանի համաքաղաքապետներուն հետ զրուցելու ժամանակ Իշխան Զաքարեան օրակարգի վրայ բերած է յաջորդ Համահայկական խաղերը Վանի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպելու գաղափարը։ Իշխան Զաքարեան միեւնոյն ժամանակ Վանի եւ Իգդիրի համաքաղաքապետներուն հրաւէրներ յանձնած է՝ մասնակցելու համար յառաջիկայ Համահայկական խաղերու բացման։

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ օգոստոսին նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնց բացումը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ եւ ծրագիրը պիտի շարունակուի Երեւանի մէջ։

Համահայկական 7-րդ խաղերու ընդառաջ, Համաշխարհային կոմիտէի անդամները Երեւան-Վան թռիչքով Թուրքիա եկած են՝ Մուսա լեռի մէջ մօտալուտ խաղերու ջահը վառելու նպատակով։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019