ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ՝ «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԵՐԱԳՏՆԵԼ ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ԵՒ ԱՆՁԸ»

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարին նոր հատորը կը համարուի եզակի հրաատարակութիւն մը Աստուծաշունչի յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն։

Տքթ. Ճէպէճեանի աւելի քան երեք տասնամեակներու վրայ երկարած ծառայութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ եղած է բեղուն եւ բազմազան։ Անոր ձեռնարկած բոլոր գործունէութիւնները եւ լայնածիր աշխատանքի մեծագոյն բաժինը կեդրոնացած է նպաստել Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ աշխատող շուրջ հարիւրէ ազգութիւններէ բաղկացած հազարաւոր աշխատաւորներու ընկերային, տնտեսական եւ հոգեւոր վիճակներուն որպիսութեան։

Անոր նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը՝ վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը», եզակի հրատարակութիւն մըն է, որ անզուգական կը համարուի Աստուծաշունչի յանձնառութիւն աստուածաբանական ճիւղին մէջ։ Գիրքը կը ներկայացնէ աննախնդաց ակադեմական սերտողութեան մը արդիւնքները, որ նոր լուսաբանութիւններ, գիտելիքներ եւ հորիզոններ կը ներկայացնէ բազմաթիւ ազգերէ բաղկացած աշխատաւորներու հոգեւոր հասունութեան եւ անոնց քրիստոնէական յոյսի պատգամի ընկալումին եւ կիրարկումին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ 

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան գիրքի յառաջաբանին մէջ գրած է հետեւեալը. «Որպէս Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, ոչ միայն տարածեցի Աստուածաշունչը, այլ նաեւ օժանդակեցի զանազան լեզուական եւ համայնքային ընկերութիւններու հոգեւոր որպիսութեան՝ քաջալերելով հազարաւոր գրագէտ եւ անգրագէտ աշխատաւորներ, որպէսզի կարդան, հասկնան եւ ընկալեն Աստուածաշունչի պատգամը: Այս երբեք դիւրիւն չեղաւ, մանաւանդ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ, բայց տիրապետող աննպաստ վիճակները բազմապատկեցին հաւատքս եւ ամրապնդեցին վստահութիւնս Աստուծոյ վրայ»։

Հրայր Ճէպէճեան մասնակցած է շատ մը ազգային, միջազգային եւ միջեկեղեցական համագումարներու եւ ներկայացուցած է զանազան դասախօսութիւններ։ 2010 թուականին ան հրատարակեց իր առաջին հատորը՝ «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը», ուր ամփոփուած էին անոր երեսուն տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն: 2014 թուականին ան ստացաւ տոքթորական վկայականը Նիւ Եորքի Աստուածաբանական ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի յանձնառութիւն ճիւղին մէջ։ Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի դեսպան» շքանշանով։ 2018 թուականին ան հրատարակեց իր յօդուածներու երկրորդ հաւաքածոն՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ»։ Ամուսնացած է Տքթ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակ՝ Վահէ եւ Ալիք: 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019