ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Մայիս 18-ի երեկոյթը դրոշմուած պիտի մնայ Վալասի հայ համայնքի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Քաղաքի ցուցահանդէսներու կեդրոնի «Վերքոր» սրահին մէջ, որ այս առթիւ փոխակերպուած էր ընդունելութեան հսկայ սրահի մը, հաւաքուած էր աւելի քան 550 հոգի: Այս երեկոյթի ընթացքին՝ Վալանսի Ֆրանքեւհայկական դպրոցի շինարարութեան համար հանգանակուեցաւ 107.790 եւրօ: Այս գումարը կը ցոլացնէ ոգեւորութիւնը ծրագրին շուրջ, որ ծնունդ առած է 2015-ին քաղաքի ափ մը երիտասարդներուն կողմէ:

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երեկոյթին, որու հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր լրագրող եւ Վալանսէն ընտրեալ Ֆրանք Տիրաձօնեան-Տոմա, հնչեցին ելոյթներ: Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն իր ելոյթին մէջ վերահաստատեց իր եւ Օվեռնեը Ռոն-Ալպեաններ Շրջանի լիակատար աջակցութիւնը հաստատութեան կառուցման, որ նաեւ պիտի ընդգրկէ մշակութային կեդրոն մը: Քաղաքապետը նաեւ շեշտեց, որ Ֆրանքեւհայկական դպրոցը, որ պիտի ջամբէ եռալեզու կրթութիւն (ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն), քաղաքի ճառագայթման պիտի բերէ իր նպաստը: Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի եւ Վալանս-Ռոման քաղաքակոյտի փոխ-նախագահուհի Մառլէն Մուրիէ նոյնպէս յայտնեց իր շահագրգռութիւնը ծրագրին նկատմամբ եւ իր աջակցութիւնը՝ անոր:

Հաստատութիւնը, որու շինարարութիւնը սկսաւ 2019 յունուար 9-ին, կը հետապնդէ մշակութային եւ կրթական գերազանց կեդրոն մը դառնալու նը-պատակը, որու փիլիսոփայութիւնը լաւագոյնս ամփոփուած էր Վալանսի Ֆրանքեւհայկական մշակութային կեդրոնի համանախագահ Անտրէ Հասպանեանի՝ «արմատներ եւ թեւեր» արտայայտութեան մէջ, երբ ան ըսաւ. «Արմատները՝ հայերէնն է։ Թեւերը՝ անգլերէնն է։ Իսկ ֆրան-սերէնը, միաժամանակ՝ թէ՛ մեր արմատներն են, թէ՛ մեր թեւերը»։

ՆՈՐՎԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Հակառակ կառոյցի շինարարութեան համար գանձատրման անհրաժեշտութեան, Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան նշեց, որ այս նախագիծը կը գերազանցէ զուտ նիւթականի սահմանները: «Առաւելաբար հայոց լեզուի խթանումի, զայն դէմ յանդիման գտնուած վտանգէն պաշտպանելու խնդիր է», ըսաւ ան կալային ունեցած ելոյթին: Այս մասին ահազանգը հնչեցուցած է արդէն ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, որ արեւմտահայերէնը դասած է անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուներու շարքին: «Հետեւաբար, դրամը նպատակ մը չէ CCAV-ի, ոչ ալ հայ համայնքին համար», ընդգծեց Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան եւ շարունակեց. «Նպատակը՝ դարմանումն է կատարուած անարդարութեան՝ վերականգնելով լեզուն, որու անհետացումը դար մը առաջ Մեծ եղեռնի կազմակերպիչներու ծրագրին մաս կը կազմէր»:

Ապագայ դպրոցի յանձանձման ընկերակցութեան նախագահ Համբիկ Օսիպեան երկրորդեց այս միտքերուն: «Դպրոցը պիտի ջամբէ հայոց լեզու եւ պատմութիւն՝ հաւատարիմ մնալով հանդերձ ֆրանսական ազգային կրթութեան ծրագրերուն», ըսաւ ան կալայի ընթացքին, աւելցնելով՝ որ հաստատութիւնը պիտի ապահովէ բարձրակարգ յարմարաւէտութիւն եւ ապահովութիւն աշակերտներուն, որոնք կարելիութիւնը պիտի ունենան նաեւ օգտուելու արտադպրոցական գործունէութիւններէ՝ իրենց բարեկեցութեան եւ զարգացման համար:

ԲԱՐԵՐԱՐԻՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ

Երեկոյթը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, բայց եւ այնպէս ուշագրաւ էր բացակայութիւնը բարերար Գէորգ Արապեանի, որու նուիրած 700 հազար եւրոյով կարելի եղաւ սկսիլ շէնքի շինարարական աշխատանքներուն: Այս կալայէն քանի մը շաբաթ առաջ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան անոր յղած էր հրաւէր մը, խնդրելով անակնկալ մատուցել Վալանսի հայ համայնքին, ներկայ գտնուելով բարեսիրական այս ձեռնարկին: Կամքէ անկախ պատճառներով՝ ան չէր կրցած ներկայ ըլլալ, բայց մատուցեց ուրիշ, մեծ անակնկալ մը՝ 50 հազար եւրոյի իշխանական նոր նուիրատուութիւն մը եւս կատարելով։ Այս գումարը եկաւ աւելնալու երեկոյթի ընթացքին հանգանակուած 107.790 եւրոյին վրայ, Արապեանի սեփական նուիրատուութեան գումարն ալ հասցնելով՝ 750 հազար եւրոյի:

ՀԱՅ ԱՍՏՂԵՐԸ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ ՎԱԼԱՆՍԻ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՄԱՐ

Երեկոյթի ընթացքին մասնակիցները կարելիութիւնը ունեցան դիտելու տեսահոլովակ մը, ուր Մաթիէօ Մատէնեան, Անտրէ Մանուկեան, Սերժ Աւետիքեան եւ Վահէ Պէրպէրեան յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը սոյն ծրագրին: Երեկոյթի զուարճական բաժնի կիզակէտը հանդիսացաւ Ժագի Ներսէսեանի ելոյթը. ան, կատակ եւ բառախաղեր միախառնելով՝ գրաւեց հանդիսականները: Ընթրիքի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն՝ արժէքաւոր նուէրներով. Լիոն-Երեւան երթուդարձ երկու տոմսեր, ինչպէս նաեւ քանդակագործ Թորոսի՝ 10 հազար եւրօ արժողութեամբ մէկ ստեղծագործութիւնը մաս կը կազմէին նուէրներուն։ Այնուհետեւ, ծանօթ ջութակահար Ալեքսանտր Շիրինեան, Լեւոն Խոզեանի եւ անոր նուագախումբին ընկերակցութեամբ, խանդավառեց երեկոյթը. ներկաները պարեցին մինչեւ լուսաբաց: 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019