ԱՌՑԱՆՑ ՖՈՐՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 75-ամեակ. Բազմակողմանիութիւնը մասնատուած աշխարհի մէջ» խորագրեալ բարձր մակարդակի առցանց ֆորումին։ Տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով այս հաւաքը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Աւագներու խորհուրդի, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի 75-ամեակի հարցերով խորհրդականի գրասենեակի եւ Փոքր պետութիւններու ֆորումի շրջանային նախագահ՝ Սինկափուրի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Առցանց ֆորումի ժամանակ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Սինկափուրի Արտաքին գործոց նախարար Վիվիան Պալաքրիշնան, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Մուհամմէտ Թիճճիանի Պատէն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւ Աւագներու խորհուրդի նախագահ Մերի Ռապինսըն։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր ելոյթին մէջ Զօհրապ Մնացականեան ՄԱԿ-ի յոբելեանին անդրադառնալով ըսաւ. «Յաջողուած բազմակողմանի համագործակցութեան շատ օրինակներ կան։ Այս 75 տարիներու ընթացքին մենք ձեւաւորած ենք համագործակցութեան նշանակալի իրաւական հիմքեր՝ ներառեալ շարք մը պայմանագրեր։ Այս բոլորը մեզ կը միաւորեն զանազան այլ միջոցներով։ 75 տարիէ ի վեր շարունակ ամենայն վստահութեամբ յղում կը կատարենք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան՝ որպէս բոլորիս համար բացարձակ համընդհանուր սահմանադրութիւն»։
Զօհրապ Մնացականեան նշեց նաեւ, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 75-ամեակը նաեւ կարեւոր յիշեցում մըն է՝ հաւաքական ուժերու եւ մարդու իրաւանց, արժանապատուութեան եւ մարդկային արժէքներու նկատմամբ հաւատի մասին։ «Միասնաբար պէտք է ընենք աւելին՝ մեղմացնելու համար ճգնաժամային իրավիճակները, որոնք առաւել մեծ մարտահրաւէր են մարդու հիմնարար իրաւանց առումով։ Այդ մարտահրաւէրի դիմագրաւումը կը պահանջէ բազմակողմանի հաստատութիւններու առաւել ամրապնդումը», աւելցուց Մնացականեան։
Անդրադառնալով Երեւանի յանձնառութիւններուն՝ Զօհրապ Մնացականեան նշեց. «Հայաստան աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր ստանձնած է պարտականութիւն, ինչպէս նաեւ բարոյական պարտաւորութիւն՝ մեր գործընկերներուն հետ համախմբելու միջազգային ջանքերը՝ ուղղուած ցեղասպանութեան, զանգուածային վայրագութիւններու կանխարգելման, ապագայ վայրագութիւններու կանխարգելման նպատակով վաղ նախազգուշացման կարողութիւններու ամրապնդման։ Ընդհանուր ժողովի եւ Մարդու իրաւանց խորհուրդի շրջանակներէն ներս Հայաստանի կողմէ նախաձեռնուած ՄԱԿ-ի բանաձեւերը կը նպաստեն ցեղասպանութեան, պատերազմական յանցագործութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման ուղղեալ ռազմավարութիւններու մշակման։ Մեր խորին համոզմամբ, իրենց քոնսենսիւսային եւ բովանդակային արդիւնքներով անոնք արդիւնաւէտ բազմակողմանի համագործակցութեան կարեւոր դրսեւորում են»։