ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ԹԱՓՈՎ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԷ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը թափով կեանքի կը կոչէ հրատարակչական ծրագրեր։ Ներկայ տարուան տեւողութեան Արեւմտեան թեմը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գիրքեր։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանը երէկ հրապարակեց թեմի նոր հրատարակութիւններու վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։
Գիրք ստեղծելը մշտապէս եղած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի եւ անձամբ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հաւատամքը։ Տակաւին հեռաւոր 1988 թուականէն սկսեալ, երբ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տպագրուեցաւ Յովնան Սրբազանի «Կոմիտաս Վարդապետ» գիրքը եւ ապա յաջորդ տարի Թորոնթոյի մէջ՝ «Փունջ մը քարոզներ» ժողովածոյի անդրանիկ հատորը, յետագայ տասնամեկներուն Գանատահայոց եւ ապա Արեւմտեան թեմերուն մէջ ստեղծուեցան Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի քարոզխօսական, մեկնողական, խոհագրական, յուշագրական աւելի քան 107 գրքերը (այս ցուցակի մէջ ներառնուած չեն ներքոյ ներկայացուած 2-րդ եւ 3-րդ ցուցակներու սրբազանի հեղինակած գիրքերը)։ Ստեղծուեցան ու տպագրուեցան նաեւ այլ հեղինակներու հոգեւոր, պատմական բնոյթի բազմաթիւ գրքեր։ Յովնան Արքեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակի այս օրերը լաւ առիթ են ըսելու համար, որ այդ գիրքերը իրօք պատկառելի եւ օգտաշատ գրադարան մը կը կազմեն (ցանկը եւ գիրքերէն շատերու pdf տարբերակները կարելի է գտնել Առաջնորդարանի կայքէջին վրայ՝ https://www.wdacna.com/publications յղումով)։
2020 թուականի անցնող հինգ ամիսները առանձնակի կարեւորուեցան թեմի գրահրատարակչութեան ոլորտէն ներս։ Մեկուսացման օրերուն գրուեցան, տպագրուեցան եւ ընթերցողներու ներկայացուեցան մեծ թիւով նոր գիրքեր։ Անոնք ներկայ իրավիճակէն հոգեւոր ելքեր յուշող՝ Յովնան Սրբազանի մտածումներն են, «20-րդ դարու ականաւոր հայ հոգեւորականներ» գիտաժողովի նիւթերը եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք միայն 2020 թուականին Արեւմտեան թեմի գրահրատարակչական գործունէութեան երեք ցանկեր՝ արդէն հրատարակուած գիրքերը, նախապատրաստման ընթացքի մէջ եղող գիրքերը, յառաջիկայի համար ծրագրուած գիրքերը։
2020-ԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳԻՐՔԵՐ
1.- Սուրբ Պատարագ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Ե. տպագրութիւն
2.- 20-րդ դարու ականաւոր հայ հոգեւորականներ - Գիտաժողովի նիւթերու ժողովածոյ
3.- Հոս չէ, Յարութիւն առաւ - հեղ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
4.- Յարութիւն եւ կեանք - հեղ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
5.- Փունջ մը քարոզներ, հտ. ԺԵ - հեղ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
6.- Երկունքի մէջ ծնած խոհեր - հեղ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
7.- Առաքինի կեանքի ուղին, Յակոբ Նալեան - 2-րդ հատոր «Ոսկեղենիկ» մատենաշարի
8.- Սքանչելի հոգեւորականը Գարեգին Տրապիզոցի - հեղ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
9.- Քայլ առ քայլ. 40 յուշեր 40-ամեակի - հեղ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
10.- Walking out of the Upper Room - Apb. Hovnan Derderian:
ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՈՂ ԳԻՐՔԵՐ
1.- Հատընտիր - Օրագրութիւն Կ. Պոլսոյ Պատրիարք հոգելոյս Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի
2.- Կանոնագրիք Հայոց (բովանդակային խմբաւորումով) - աշխատասիրութեամբ՝ Տիրայր Ծ. Վրդ. Տէրվիշեանի
3.- Reflections - հեղինակ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
4.- Եկեղեցականաց կեանքէն առնուած յուշեր - հեղինակ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
5.- Փունջ մի քարոզներ - հեղինակ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
6.- Գաւազանագիրք Արեւմտեան թեմի - հեղինակ՝ Նորայր Պօղոսեան
7.- Արարողակարգեր - Արեւմտեան թեմէն ներս պատրաստուած ծիսական արարողութիւններու ժողովածոյ
8.- Ժողովածոյ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանին նուիրուած գիտաժողովի նիւթերու
9.- Ս. Էջմիածինը՝ խորհուրդը մեր ինքնութեան - հեղինակ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, խմբագիր՝ Հայկ Մադոյեան։
ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԵՐ
1.- Նամականի Յովնան Արք. Տէրտէրեանի՝ ուղղուած Վազգէն Ա. Հայրապետին
2.- Մանրապատումներ - հեղինակ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան
3.- Մեր հաւատքի ուղին - հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
4.- Քարոզգիրք. Կարապետ Պալատեցի - 3-րդ հատոր «Ոսկեղենիկ» մատենաշարի
5.- Մեծ Պահք. Բարսեղ Կեսարացի - 4-րդ հատոր «Ոսկեղենիկ» մատենաշարի
6.- 12 Պատգամներ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի - 5-րդ հատոր «Ոսկեղենիկ» մատենաշարի
7.- Ցուցակ ձեռագրաց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի - կազմող՝ Նորայր Պօղոսեան։
«Կեանքը պէտք է լեցուած ըլլայ գիրքերով, որոնք լի են կեանքով», յայտնի ասոյթի իրագործումը կը գտնենք Արեւմտեան թեմի գրահրատարակչական գործունէութեան մէջ։ Եւ Առաջնորդարանի ու Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրահրատարակչական լայն քայլերը կու գան կենսագործելու այդ դրոյթը՝ մեր հայորդիներու կեանքին մէջ հոգեւոր, մշակութային շարունական վերելքը որպէս նպատակ աչքի առջեւ ունենալով։