ԹՈՅԼ ՆԱԽԱՆՇԱՆՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ տուեալները երկրէ ներս կրկին կայունացման տկար եւ սկզբնական նախանշաններ ցոյց կու տան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պարետատան երէկուան ժողովէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ կարելի չէ վերջնականօրէն ըսել, թէ իրավիճակը կայունացած է։
«Բայց նախանշաններ կան։ Կայունացումը տեղի կ՚ունենայ շատ բարձր նշաձողի վրայ։ Երէկ 428 նոր դէպք ունեցանք, բայց նաեւ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մեր ջանքերուն շնորհիւ այս բարձր նշաձողով կայունացումը կը դառնայ տանելի մեր առողջապահական համակարգի համար։ Ըստ էութեան, հիւանդանոց փոխադրութեան կարիք ունեցող մարդոց խնդիրները ամէն օր քիչ մը աւելի կը փոքրանան։ Եթէ կարողանանք այս միտումը պահպանել, կը լուծենք հիւանդանոց փոխադրութեան խնդիրը ամբողջ ծաւալով եւ կ՚անցնինք համաճարակի յաղթահարման, աւելի ճիշդը՝ զերոյացման փուլին», ըսաւ վարչապետը։
Բաց աստի, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ ներկայիս երկրի բնակիչներու մեծամասնութիւնը կը կրէ դիմակ, կանոններուն կը հետեւի, բայց տակաւին փափաքելի արդիւնքը չէ արձանագրուած։ «Երէկ բացառիկ ցուցանիշ մը ունեցանք բուժուածներու մասով՝ 775 բուժուած։ Ըստ էութեան, մենք դէպքերու որոշ նուազում արձանագրած ենք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Հայաստանի մէջ երէկ եւս 10 հոգի զոհ գնաց համաճարակի։ Նոյն ժամանակաշրջանին նոր վարակեալներու թիւը եղաւ 428։ Համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ երկրի իշխանութիւնները միշտ ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ միջազգային համագործակցութեան նկատմամբ։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի Առողջապահութեան նախարար Եքաթերինէ Թիքարածէի հետ։ Նախարարները քննարկեցին հարեւան երկու երկիրներէ ներս համաճարակի պայմաններու ներքեւ ստեղծուած իրավիճակը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ։ Նախարարները համաձայնեցան՝ փորձառութեան փոխանակման մշտական հարթակ մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ հակահամաճարակային միջոցառումներու նիւթով ռազմավարական հարցերու երկկողմանի քննարկումներ կազմակերպելու շուրջ՝ յատկապէս յառաջիկայ աշնան համաճարակի հաւանական նոր տարածման պատրաստ ըլլալու նպատակով։
Արսէն Թորոսեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Հանս Քլիւկէի հետ։ Թորոսեան ներկայացուց համաճարակի առումով Հայաստանի իրավիճակը ու տեղեկութիւններ փոխանցեց նախատեսուած աշխատանքներուն շուրջ։ Հանս Քլիւկէ յայտնեց, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը պատրաստակամ է ամբողջ ներուժով ու միջոցներով աջակցելու Հայաստանէ ներս գործադրուած ջանքերուն, ինչ որ թոյլ կու տայ յաղթահարելու համաճարակի վերաբերեալ բոլոր խնդիրները։
Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Էսթոնիայի նախագահ Քերսթի Քալիւլայտի հետ։ Նախագահները տեղեկութիւններ փոխանակեցին համաճարակի պայմաններուն ներքեւ երկու երկիրներէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Էսթոնիա վերջերս համաճարակի դէմ պայքարի նպատակով աջակցութիւն ցուցաբերած է «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին եւ երկրի կարգ մը շրջաններու առողջապահական հաստատութիւններուն։ Ուստի, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ օժանդակութեան համար։