ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԹՈՒԼԱՑՈՒՄԷ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումը նուազած է Իսթանպուլի եւ Իզմիրի նման քաղաքներու մէջ, իսկ ներկայիս մասնակի վերելք մը խնդրոյ առարկայ է երկրի արեւելքին, հարաւ-արեւելքին եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ։ Նախարարը ընդգծեց, որ խնդրոյ առարկայ շրջաններէն ներս համավարակի ընդհանուր ծաւալումէ մը անդին՝ նկատելի է մշակութային, ընկերային ձեռնարկներու հաւաքած թափը։ Այս շարժումի մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւն չի ցուցաբերուիր դիմակ կրելու եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը պահելու ուղղութեամբ։ Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Ֆահրետտին Քոճա խօսեցաւ նաեւ զբօսաշրջիկներու վերաբերեալ հանգամանքներու շուրջ։ Ներկայ ամառնամուտին Առողջապահութեան նախարարութիւնը յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ կը ծրագրէ՝ հաշուի առնելով զբօսաշրջիկներու հոսքի աստիճանաբար վերսկսիլը։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ արտասահմանէ բոլոր ժամանածները առողջապահական քննութենէ մը պիտի անցնին։ Մասնաւորապէս պիտի չափուի անոնց ջերմութիւնը։ Քորոնաժահրի որեւէ ազդանշանի պարագային ենթական դարմանման տակ պիտի առնուի։

Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին արժեւորուեցաւ համավարակի մթնոլորտի այժմու փուլը։ Քննարկումներու աւարտին Ֆահրետտին Քոճա սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ առկայ իրավիճակին շուրջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ մէջ նոր դէպքերու պարագային տարիքի միջինը 36 է։ Նախարարը ընդգծեց, որ համաճարակի տեւողութեան հաստատուած սահմանափակումները մեծ օգուտ ապահոված են երկրին։ Անցեալ 1 ապրիլէն առաջ ընդհանուր դէպքերու մէջ 65 տարեկանէ վեր վարակեալներու համեմատութիւնը կը կազմէր 15.7 առ հարիւր։ Սահմանափակումներէն վերջ այդ տոկոսը իջաւ 7.5-ի։ Այսինքն, գրեթէ կէսով չափ նուազեցաւ։

Ֆահրետտին Քոճա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յիշեցուց նաեւ, որ աշխարհի վրայ ներկայիս աստիճանական բնականոնացման շրջան մը սկսած է եւ այս ծիրին մէջ թռիչքներու վերաբերեալ մեծ վէճեր կան։ Թէ՛ եւրոպական երկիրները եւ թէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը այս շրջանին խորհուրդ չեն տուած՝ օդակայաններու մէջ քննութիւն կատարել։ Ի տարբերութիւն, Թուրքիա որոշած է առողջապահական քննութեան ենթարկել արտասահմանէն ժամանելիք իր բոլոր քաղաքացիները։ Որեւէ ազդանշանի կամ ախտորոշման պարագային նախարարութիւնը կը նախատեսէ հիւանդանոցի մէջ դարմանում։ Թռիչքներու վերսկսած երկիրներու պարագային ալ պատկան մարմինները որոշում առած են՝ հաշուի առնելով իւրաքանչիւրի ընդհանուր վիճակը եւ համատեղ աշխատանք տանելով նաեւ տուեալ երկրին հետ։ Որեւէ ռիսքի պարագային առնուած որոշումները կրնան վերատեսութեան ենթարկուիլ։

Միւս կողմէ, համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալներն ալ երէկ երեկոյեան հրապարակուեցան Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 36 հազար 521 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 922 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 17 հոգի զոհ գացած է համաճարակի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղած է 2 հազար 241։ Երէկուանները ներառեալ ցայսօր Թուրքիոյ մէջ բուժուածներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 146 հազար 839-ի։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 631 հիւանդ, 280 վարակեալ ալ ենթակայ է արհեստական շնչառութեան սարքի։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ նոր ախտորոշուած վարակեալներու թիւը կը համապատասխանէ նոր առողջացած հիւանդներու թիւի 40 տոկոսին։ Նոր դէպքերու պարագային 36 է տարիքի միջինը, իսկ նոր մահերու պարագային՝ 71։ Նոր հիւանդներու պատճառով աւելցած խտացեալ խնամքի անհրաժեշտութեան համեմատութիւնը գրեթէ հաւասար է նախորդ օրուան։ Ֆահրետտին Քոճա ընկերային ցանցերու վրայ երէկ երեկոյեան հերթական անգամ շեշտեց, որ ռիսք կը յառաջացնէ այն համոզումը, թէ քորոնաժահրի ազդեցութիւնը նուազած է։ Այժմ բնականոնն է զգուշացումը։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը անդրադարձաւ նաեւ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու պարագային։ Թէեւ անոնց համար սահմանափակումները գրեթէ ջնջուած են, սակայն, Ֆահրետտին Քոճա խորհուրդ տուաւ կենսական կարիքները դիմագրաւելէ վերջ յամենայնդէպս մնալ տունը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2020