«ՀԵՔԻԱԹ ՄԻԱՍԻՆ» ՄՐՑՈՅԹ

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի եւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ նոր սերունդին ուղղեալ հետաքրքրական ծրագիր մը։ «Հեքիաթ միասին» կոչուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։ Փոտքեստային ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ խրախուսուած էր նաեւ կառավարութեան աշխատակազմին կողմէ։ Շնորհանդէսի ընթացքին վկայագրեր յանձնուեցան նախագիծի յաջող մասնակիցներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021