ԲԱՂԱԴՐԻՉՆԵՐ, ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը փափաքի Թուրքիոյ հետ համագործակցիլ նաեւ Կովկասի պարագային։ Ըստ Չավուշօղլուի, կան շարք մը տարածքաշրջաններ, որոնց պարագային Ուաշինկթըն կը փափաքի համագործակցութիւն ծաւալել Անգարայի հետ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի ո՛չ միայն Լիպիոյ եւ Սուրիոյ, այլեւ՝ մասնաւորապէս Միջերկրականի եւ Սեւ ծովի աւազաններուն, Կովկասին։

Չավուշօղլուի այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան յաջորդ երկուշաբթի Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի առաջին դէմ առ դէմ հանդիպման մասին։ Նախարարը յայտնեց, որ Անգարա այդ բանակցութիւններուն կը մօտենայ դրական օրակարգով։ «Մենք Ուաշինկթընէն եւս նման ազդակներ կը ստանանք», յայտնեց Չավուշօղլու։

Արդէն օրեր առաջ յայտարարուած է, որ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ամերիկեան վարչախումբի յառաջատար դէմքերուն կողմէ վերջին օրերուն կատարուած համապատասխան յայտարարութիւնները եկած են համալրուիլ Չավուշօղլուի վերոյիշեալ հաստատումով։

Միւս կողմէ, ինչպէս յայտարարուած է, նախագահ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելէ եւ երկկողմանի շփումներ ունենալէ վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Պաքու։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հիւրընկալուելու ժամանակ ան պիտի այցելէ նաեւ Շուշի։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Էրտողան առաջին անգամ պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ, որու տարածքի մեծամասնութիւնը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ՝ Թուրքիոյ անմիջական զօրակցութեամբ։ Էրտողանի մօտալուտ այս այցելութիւնը կը զբաղեցնէ նաեւ ռուսական լրատուամիջոցներու օրակարգը։ Զանազան վերլուծութիւններու մէջ կը մատնանշուի, որ Անգարա Անդրկովկասէն դուրս կը մղէ Մոսկուան։ Նոյն ամբողջին մէջ դիտել կը տրուի, որ Էրտողանի տեսակէտէ Պայտընի հետ հանդիպման նախապատրաստութեան ժամանակ կարեւոր էր ընդգծել հարեւան տարածքաշրջաններէ ներս ու մանաւանդ թրքական աշխարհէ ներս իր երկրի ազդեցութիւնը։

ՌԻՔԷՐԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քննարկման ընդառաջ, ամերիկեան վարչախումբէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը վերջին օրերուն ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր շփումներ ունեցաւ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ։ Ամերիկացի դիւանագէտը երէկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցելու առընթեր, հիւրընկալուեցաւ նաեւ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Կառավարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Ռիքէր անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ ընդգծեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Փաշինեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային իրավիճակին ու երկուստեք նշուեցաւ լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը։ Փաշինեան Ռիքէրի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի բանակի միաւորումներու անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութեան վրայ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ալ Ֆիլիփ Ռիքէր տեսակցեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Ծանօթ է, որ թէ՛ նախարարները եւ թէ բոլոր փոխ-նախարարները հրաժարած են այս շրջանին։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը հայկական կողմի ներկայացուցիչներուն հետ մասնաւորապէս անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, գերիներու եւ պատանդներու անյապաղ վերադարձին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարած ոտնձգութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Երկուստեք վերահաստատուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի առանցքային դերակատարութեան շարունակականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Կարեւորուեցաւ առկայ մարդասիրական հարցերու լուծումը եւ դէպի Արցախ միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւններու անարգել մուտքը։

Ֆիլիփ Ռիքէր ընդգծեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը։ Ան վերահաստատեց ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան յայտարարութիւնով ամրագրուած դիրքորոշումը, ըստ որու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է ետ քաշուին դէպի այն դիրքերը, որոնք կը զբաղեցնէին մայիսի 11-ի դրութեամբ։ Քննարկուեցաւ նաեւ Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաչափին մէջ նախատեսուած ապագայ աշխատանքները։

Երեւանի մէջ Ֆիլիփ Ռիքէր հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան։ Ան նշեց, որ բոլոր գերիները պէտք է ազատ արձակուին։

Հարցազրոյցի ընթացքին հաղորդավարը Ֆիլիփ Ռիքէրի նկատառման յանձնած է, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը տակաւին լուծուած չէ։ Ի պատասխան՝ ան յայտնած է, որ ամերիկեան կողմը կը փափաքի տեսնել այս հակամարտութեան հանգուցալուծումը, որպէսզի տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները կարողանան յառաջ շարժիլ՝ կեդրոնանալով անվտանգ, կայուն երկիրներ ստեղծելու վրայ։ Նոյն ամբողջին մէջ Ռիքէր ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործընթացին։ Իր խօսքով՝ այդ խմբակի լիազօրութիւնը տակաւին չափազանց կենսունակ է ու պէտք է վերադառնալ համապատասխան գործընթացին, վերակենդանացնել այդ մէկը եւ հնարաւորինս արագ անդրադառնալ բոլոր հարցերուն։ Ռիքէր աւելցուց, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման։ Ֆիլիփ Ռիքէր յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը պատրաստակամ է աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն կամ այլոց հետ, եթէ անհրաժեշտ է։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021