ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ՝ 20 յունիսի կանխահաս խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս»ը ընտրութիւններուն կը մասնակցի՝ որպէս ծանրակշիռ ընդդիմադիր ուժ, «Լրջանալու պահը» կարգախօսով։ Այս նախընտրական քարոզարշաւին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան պետական գործիչի յարիր ոճով ու կշիռով հանդէս կու գայ եւ Հայաստանի առկայ կացութեան վերաբերեալ հեղինակաւոր դիտարկումներ կը բաժնէ ժողովուրդին հետ։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան ըսաւ. «Պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ մենք պիտի ունենանք բարիդրացիական, բնականոն յարաբերութիւններ, որովհետեւ սա միայն երկկողմանի չէ, այս բանով հետաքրքրուած է նաեւ Ռուսաստանը։ Ռուսաստանին ձեռնտու է, որ հաշտութիւն կայանայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ամբողջ աշխարհին ձեռնտու է այս բանը, սա պիտի ըլլայ, բայց ասոր համար պէտք է Հայաստանի մէջ նորմալ իշխանութիւն ըլլայ։ Եթէ Նիկոլը մնայ, արդէն գիտենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Նիկոլը արդէն սպառնալիք է, ազգի կէսը կործանած է, միւս կէսն ալ կը կործանէ», ըսաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ ընդգծեց, որ ներկայիս Հայաստանի պետական մեքենան ջախջախուած է, պարզապէս գոյութիւն չունի։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դիտել տուաւ, որ հարեւան բոլոր պետութիւնները, նոյնիսկ բարեկամ պետութիւնները պէտք է յստակ սահմանագծեն իրենց տարածքները։ «Այստեղ խնդիր չկայ, գուցէ, ուշացած ենք, մենք շուտ պիտի ընէինք այս բանը, սա պարտադիր պայման է», ըսաւ ան եւ պատասխանեց նաեւ այն հարցումին, թէ արդեօք այդ սահմանազատումները պիտի չանդրադառնա՞ն Արցախի վրայ եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հարցը պիտի չյառաջանա՞յ։ Ան շարունակեց.

«Երեսուն տարիէ ի վեր այս հարցը կայ։ Ատրպէյճան պիտի պնդէ տարածքային ամբողջականութեան հարցին վրայ, միշտ։ Իսկ թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ Արցախի ճակատագրին վրայ, ես չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ չեմ գիտեր Հայաստանի ներկայացուցիչներու տեսակէտները։ Սա միայն Նիկոլ Փաշինեանը գիտէ։ Բան մը յստակեցնենք՝ մենք ո՛չ միայն պարտուած ենք այս պատերազմին մէջ, այլեւ աւելի վատ բան մը տեղի ունեցած է։ Եթէ Քոչարեանի մեղքով Ղարաբաղը դուրս դրուեցաւ կարգաւորման գործընթացէն, ապա այս պարտութենէն յետոյ արդէն Հայաստանը դուրս դրուած է՝ որպէս հակամարտ կողմ։ Հայաստանի կարծիքը ոչ ոք կը հարցնէ, մենք այլեւս խաղացող չենք։ Եթէ ռուս խաղաղապահ զօրքերը մէկ վայրկեանով դուրս գան Արցախէն, ապա ոեւէ արցախցի չի մնար տարածքէն ներս։ Այնպէս, որ ռուսական կողմը պէտք է մնայ այնքան՝ մինչեւ ապահով ըլլայ Արցախը։ Այնպէս մը պէտք է ընել, որ Արցախի բնակչութիւնը տարածքը չլքէ եւ Հայաստան պէտք է նպաստէ այդ բանին»։

Անդրադառնալով հրադադարի համաձայնութեան մէջ ռուս խաղաղապահներուն համար նախատեսուած հինգ տարուայ ժամկէտի եւ ապագային անոնց մեկնելու հաւանականութեան շուրջ մեկնաբանութիւններուն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան խորհուրդ տուաւ խուճապ չյառաջացնել։ Իր կանխատեսումով ռուսերը պիտի չհեռանան տարածքաշրջանէն։

Երեւանեան գրեթէ բոլոր աղբիւրները լայն տեղ տուած են Տէր-Պետրոսեանի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան դիտել տուած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ այսօր չէ հասկցած ու չի հասկնար Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան տագնապէ դուրս գալու համար թեքնոկրատներէ բաղկացեալ կառավարութեան կազմի մը կարիքը ունի։ Ըստ իրեն Ատրպէյճանի սահմանին վրայ դէպքերը պիտի շարունակուին՝ մինչեւ որ յստակ պայմանագիր մը չստորագրուի։ Այդ հեռանկարը բացարձակապէս անբաղձալի համարելով հանդերձ, Տէր-Պետրոսեան մեկնաբանեց նաեւ հաւանական համախոհական իշխանութիւններու ձեւաւորման վարկածը։ Իր խօսքով՝ ստիպողութեան պարագային խորհրդարանէ ներս հաւանական համագործակցութիւններ պիտի ըլլան։ «Կը փորձենք սխալ որոշում չառնել», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021