ՆՈՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն համագործակցութեան պայմանագիր մը կնքուեցաւ «Զբօսաշրջութեան եւ քաղաքաշինութեան» (TUF) բարեգործական հիմնադրամին եւ «World Media&Events»ին միջեւ՝ Հայաստանէ ներս զբօսաշրջութեան ոլորտի, համապատասխան ենթակառուցուածքներու եւ մասնագէտներու կորողութիւնները զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Այս պայմանագրով TUF հիմնադրամը, որ միտուած է Հայաստանէ ներս ընկերատնտեսական զարգացման՝ զբօսաշրջային եւ քաղաքաշինական նախաձեռնութիւններու միջոցաւ եւ Հայաստանէ ներս զբօսաշրջական ցանցերու ապակեդրոնացեալ մոտելի ձեւաւորմամբ, պիտի սկսի նոր համագործակցութեան մը «World Media&Events»ի հետ։ Այս վերջինը կը գործարկէ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային մրցանակաբաշխութիւնը (World Travel Awards)։ Ան հիմնադրուած է 1993 թուականին՝ ճամբորդութեան, զբօսաշրջութեան եւ հիւրընկալութեան ոլորտներու ճանաչման, ծանօթացման, պարգեւատրման եւ տօնակատարման համար։

TUF բարեգործական հիմնադրամը անցեալ տարուայ յուլիսէն ի վեր ստանձնած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի զբօսաշրջութեան եւ քաղաքաշինութեան զարգացման միտուած բոլոր ծրագրերը։ Այս հիմնադրամը կը մշակէ զբօսաշրջութեան եւ քաղաքաշինութեան նորարար ծրագրեր, կը խթանէ տարածքային կայուն զարգացումը եւ Հայաստանը համաշխարհային քարտէսի վրայ կը դիրքաւորէ՝ որպէս մրցունակ զբօսաշրջային երկիր։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021