ՉԱՐԵՆՑԻ ՎԷՊԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Երկիր Նայիրի» վէպի ստեղծման 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մը։ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու շրջանակին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ցուցադրուեցան վէպին նկարազարդումները, որոնք ի պահ դրուած են այդ թանգարանէն ներս։ Աշխատանքներու հեղինակն է Եուրի Պաղտասարով։ Ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ տեղի ունեցաւ գիտական քննարկում մը, որու ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան գրողներ եւ գրականագէտներ։

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Ժաննա Մանուկեան այս առթիւ նշեց, որ նկարազարդումները վերականգնուած չեն։ «Չարենցը կ՚ըսէր՝ հասկցողը կը հասկնայ։ Այդ սկզբունքով ներկայացուցած ենք ցուցահանդէսը։ Կը կարծեմ՝ հասկցողը կը հասկնայ, թէ վէպի որ հատուածներէն են նկարազարդումները», ըսաւ տնօրէնուհին եւ աւելցուց, որ թանգարանէն ներս ի պահ դրուած են նաեւ Մարտիրոս Սարեանի եւ այլ նկարիչներու նկարազարդումները, որոնք ժամանակ առ ժամանակ պիտի ներկայացուին։

Անդրադառնալով վէպին՝ Ժաննա Մանուկեան նշեց, որ Չարենց այդ գործը գրած է մաս առ մաս, ընդհատումներով։ «Չարենցի բոլոր ստեղծագործութիւնները շատ արդիական են եւ շատ համահունչ այսօրուայ իրադարձութիւններուն։ Ի զուր չեն ըսեր, որ Չարենցը ապագայի գրող է եւ որու իւրաքանչիւր բառն ու խօսքը կ՚իրականանայ», նշեց տնօրէնուհին։

Ձեռնարկի ատենախօսներու կարգին էր Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան։  Իր կարգին, արձակագիր Ալիս Յովհաննիսեանն ալ նշեց, որ «Երկիր Նայիրի»ն գրական մեծ երեւոյթ մըն է, հայ գրականութեան պատմութեան հիմնաքարային ստեղծագործութիւններէն մին է։ Եղիշէ Չարենց այդ գործը գրած է քսանչորս տարեկանին, ինչ որ կը վկայէ անոր հանճարի մասին։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021