ՀԱՐՑԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԲԱՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, որոնք ժողով մը գումարեցին Երեւանի մէջ։ Այս հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս իրավիճակը այդքան ալ կայուն չէ։ Վարչապետը կանգ առաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային ընթացիկ իրավիճակին վրայ՝ խօսելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին մասին։ Ան այս ամբողջին մէջ կարեւորեց միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։
Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով։ Բոլոր ճանապարհները, որոնք պէտք է բացուին, պէտք է գործեն տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան ներքեւ, «միջանցքային» որեւէ տրամաբանութիւն խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ եւ սա արդէն համընդհանուր ընկալում մըն է։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ամբողջին մէջ վարչապետը առանցքային համարեց կարգավիճակի հարցը։ Ըստ իրեն, հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։
Փաշինեան հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ 2021 թուականի մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Այս հարցին կապակցութեամբ Երեւան դիմած է ՀԱՊԿ-ին, սակայն, հարցը կը մնայ բաց։