ՀՈԳԻ՛Ս...

«Ինչո՞ւ լուռ ես հոգի՛ս», կը հարցնէ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան։

Մարդու հոգին մերթ կ՚ալեկոծի, մերթ կը տխրի, մերթ ովկիանոսի մը նման է, մերթ՝ լճի: Ե՞րբ, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ... Անպատասխան հարցումներու շարան մը պարզապէս։

«Ըսէ՛ ինծի, ինչո՞ւ տխուր ես, հոգի՛ս,

Ու բառերդ միշտ զուսպ, երբ աստղերն ու երկինք՝

Ծանօթ են քու բոլոր խորհուրդներուն»։

Բանաստեղծը բացայայտած է, կարծես...

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022