Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ՏՈՆՖՐԻՏ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 14-19 յունիսին ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութեան նպատակն է ընդգծել Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման ուղղութեամբ։
Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի Երեւանի շփումները նախատեսուած են յունիսի 18-ին։ Ան կը հիւրընկալուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն Հայաստան-Ատրպէյճան այժմու գործընթացները։
Շաբաթ, Յունիս 11, 2022