Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, ուր մասնաւորապէս տեսակցեցաւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշկինի հետ։ Ֆիտանի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղեալ բանակցութիւնները։
Մոսկուա այցելութեան օրը Ֆիտան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին հետ՝ շօշափելով երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով հարցեր։
Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024