Կիրակի 16, Փետրուար 2025
ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Համացանցի վրայ վերջերս գործել սկսաւ «Հայաստանը եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին» թանգարանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համացանցային այս թանգարանը վերջերս պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ այս հաւաքոյթը, որու տանտէրն էր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։ Ատենախօսներն էին Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան եւ ֆրանսահայ յայտնի ակադեմական Քլեր Մուրատեան։
Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015