ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Թրքա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մա­կարգ­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ իֆ­թա­րի սե­ղան մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Պա­քուի մէջ։ Այդ գոր­ծա­կա­լու­թեան Ատր­պէյ­ճա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ կազ­մա­կե­պուած հաւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Պա­քուի մօտ Թուր­քիոյ դես­պա­նա­տու­նէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, թրքա­կան զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, տեղ­ւոյն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն եւ կրթօ­ճախ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, գոր­ծա­րար­ներ, մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­ներ ե­ւ այլք։

Թրքա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մա­կարգ­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան Պա­քուի ծրագ­րի պա­տաս­խա­նա­տու Հա­շիմ Փո­լատ ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ մատ­նան­շեց, թէ աշ­խար­հի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ կը կազ­մա­կեր­պեն նման հա­ւա­քոյթ­ներ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան նշեց, թէ ի­րենց կա­ռոյ­ցը Թուր­քիոյ բաժ­նող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ Ըստ Փո­լա­տի, աշ­խար­հի առ­կայ խնդիր­նե­րուն պատ­ճա­ռը կը հան­դի­սա­նան ե­սա­սի­րու­թիւ­նը, թշնա­մու­թիւ­նը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պա­կա­սը։ Րա­մա­զա­նի շրջա­նը հին ա­ւան­դու­թիւն մըն է, որ կ՚ու­սու­ցա­նէ բաժ­նե­լը։ Հե­տե­ւա­բար, Հա­շիմ Փո­լա­տի խօս­քե­րով սա լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015