ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՊԱՏԳԱՄ
Պունտեսթակի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն վերջ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին շրջագծով կազմակերպուած տեսակցութիւնը տեւեց աւելի քան 45 վայրկեան։
Տեղական մամուլին առընթեր, միջազգային լրատուամիջոցներն ալ կարեւորութեամբ արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութեան։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցը։ Էրտողան հիասթափութիւն եւ դառնութիւն յայտնեց Պունտեսթակի որոշման կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Մերքէլ վստահեցուց, որ առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ որպէսզի այս դէպքին հետեւանքով վնաս չկրեն թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները։
Տեղական մամուլին հաղորդած մանրամասնութիւններով, Էրտողան փափաք յայտնած է, որպէսզի Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը ընելով՝ տեղեկացնէ, թէ Պունտեսթակի որոշումը չի պատկանիր իրեն։ Իսկ Մերքէլ մատնանշած է համախոհական կառավարութեան մասնակից Սոցիալ դեմոկրատ կուսակցութեան ժխտական մօտեցումը։
Երկու ղեկավարները կանգ առին նաեւ Ինճիրլիքի ռազմակայանին շուրջ յառաջացած խնդիրներուն վրայ։ Մերքէլ մատնանշեց, որ գերմանական կողմը թոյլտուութիւն չ՚ունենար ռազմախարիսխ մուտք գործելու համար։ Էրտողան խոստացաւ ուսումնասիրել Պերլինի դիմումը։
Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Աւատին՝ Անկելա Մերքէլ շինիչ որակեց հանդիպումը։
Միւս կողմէ, Վարշավիոյ մէջ Էրտողան ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի, Հունգարիոյ Վարչապետ Վիքթոր Օպրայի եւ Էսթոնիոյ Վարչապետ Թաավի Ռոիվասի հետ։