ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ԺՈՂՈՎԸ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին 40-րդ ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Երէկ, Հարպիէի մէջ, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնէն ներս բացուեցաւ այս նստաշրջանը։
Բացման փուլին հրապարակուեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի պատգամը։ Տեսագրուած իր խօսքին գծով ան յատկանշական համարեց այս ժողովին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուիլը։ Արդարեւ, Իսթանպուլ դարեր շարունակ քաղաքակրթութիւններ հիւրընկալած է եւ երկու աշխարհամասերու վրայ տարածուած համաշխարհային մեծ քաղաք մը կը հանդիսանայ։
Ըստ վարչապետին, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կը շարունակուին պատերազմներ, որոնց հետեւանքով կ՚ոչնչանան քաղաքակրթութեան կողմէ մեզի թողուած պատմական, բնական ու մշակութային արժէքներ։ Հետեւաբար, մեծ գործ մը կը վիճակի ԻՒՆԷՆՔՕ-ին։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի մեծ նպաստ մը բերէ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի շրջանակներէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ Եըլտըրըմի համոզմամբ, պէտք է աւելի պատասխանատուութիւն ստանձնել՝ անցեալէն մեզի հասած ժառանգութիւնը փոխանցելու համար ապագայ սերունդներուն։
Հարկ է նշել, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայ ժողովներուն զուգահեռ կը նախատեսուի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին համալրումը։ Նախապէս արդէն հաղորդուած էր, որ այդ ցանկին վրայ պաշտօնապէս պիտի ընդգրկուին նաեւ Անիի աւերակները, որոնք կը համարուին միջնադարէն հասած եզակի գանձեր։ Հայոց կողմէ հիմնուած այդ պատմական քաղաքը ցարդ առարկայ կը դառնայ անմիջական ուշադրութեան՝ միջազգային հարթութեան վրայ։