ՄԱՐՏԻՆԻ, ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ԵՒ ՎԱՆԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ

Ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն շա­րու­նա­կուե­ցան՝ մեծ ցաւ ու մտա­հո­գու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լով բո­վան­դակ երկ­րէն ներս։ Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու ա­կա­նա­տե­սը դար­ձաւ։

Մար­տի­նի Ար­թուք­լու գա­ւա­ռա­կի մօ­տա­կայ­քին՝ Ճե­վիզ­լի­քի ոս­տի­կան զօ­րաց ոս­տի­կա­նա­տու­նը են­թար­կուե­ցաւ յար­ձակ­ման։ 5 թոն ռում­բով բեռ­նա­ւո­րուած ինք­նա­շար­ժով մը կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով եր­կու զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ, քա­ղա­քա­ցի մըն ալ զո­հուե­ցաւ։

Հաք­քեա­րիի մէջ ալ ե­րէկ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շար­ժնե­րու շա­րա­սիւն մը դար­ձաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն թի­րա­խը։ Աք­թիւ­թիւ­նի մէջ ինք­նա­շար­ժնե­րու անց­քին ժա­մա­նակ ա­հա­փե­կիչ­նե­րը հե­ռա­կայ դրու­թեամբ պայ­թե­ցու­ցին ռումբ մը։ Դժբախ­տա­բար հինգ զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով։

Վա­նի Էր­ճիշ գա­ւա­ռա­կէն եւս հա­սան տխուր լու­րեր։ Փա­յի ոս­տի­կան զօ­րաց ոս­տի­կա­նա­տու­նը յար­ձակ­ման են­թար­կուե­ցաւ՝ նոյն­պէս ռում­բով բեռ­նուած ինք­նա­շար­ժի մը մի­ջո­ցաւ։ Եր­կու անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեայ նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Տաս­նհինգ անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեա­ներ ալ վի­րա­ւո­րուե­ցան։

Թուրք զի­նեալ ու­ժերն ալ առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պել ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն դէմ։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ վեր­ջին օ­րե­րուն սպա­ննուած են տաս­նինն ՓՔՔ­-ա­կան­ներ։

Միւս կող­մէ, «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, որ Սու­րիոյ մէջ սպա­ննուած է ՓՔՔ­-ի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Ֆեհ­ման Հիւ­սէ­յին (Պա­հոզ Էր­տալ): Այս լու­րը ստեղ­ծեց լայն ար­ձա­գանգ։ Կարգ մը թե­րթեր այ­սօր կը գրեն, որ այս կա­պակ­ցու­թեամբ շարք մը հար­ցա­կան­ներ կը մնան առ­կայ։ Լրա­քա­ղու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ա­ռայժմ ո՛չ կը հեր­քեն, ո՛չ ալ կը հաս­տա­տեն այդ լու­րը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016