Նոյեան Տապանի Կրկնօրինակը՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին մէջ կառուցուած է Նոյեան տապանի ուշագրաւ կրկնօրինակը՝ Ark Encounter-ը, որ արդէն բաց է այցելութեան համար:
Ըստ The Guardian-ի, շաղախէ (cement) տապանը ունի 155 մեթր երկարութիւն, իսկ անոր մէջ կան կրկնօրինակները այն բոլոր կենդանիներուն, զորս, ըստ Աստուածաշունչի, ջրհեղեղէն փրկած է Նոյը:
Տապանի կառուցման աշխատանքները իրականացուցած է Answers in Genesis կրօնական կազմակերպութիւնը, որ կը հաւատայ աշխարհի արարման աստուածաշնչեան տարբերակին: Կազմակերպութեան կանխատեսման համաձայն՝ տապանը յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին պիտի այցելէ 1.4 միլիոն հոգի, ինչ որ 4 միլիառ տոլարի եկամուտ պիտի բերէ նահանգային պիւտճէին:
Միւս կողմէ, Ark Encounter-ի կառուցումը տեւած է շուրջ երկու տարի, իսկ շինարարական ծախսերը կազմած են շուրջ 100 ամերիկեան միլիոն տոլար:
Հետաքրքրական է, որ տապանի կառուցման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են բացառապէս քրիստոնեայ մասնագէտներ ու շինարարներ: