ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԸՆՏՐԱՆԻՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ «ԵՒՐՕ-2016»Ի ԱԽՈՅԵԱՆ
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Երէկ երեկոյեան համայն ֆութպոլի աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Փարիզի վրայ։ «Եւրօ-2016»ի աւարտականը տեղի ունեցաւ «Սթատ տը Ֆրանս»ի մէջ, Սեն Տընի։
Ֆրանսա-Փորթուգալ աւարտականը աննկարագրելի պայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Խաղին ողջ տեւողութեան ֆրանսական ընտրանին շատ ազդու խաղարկութիւն ցոյց տուաւ, սակայն չյաջողեցաւ գրաւել մրցակցին դարպասը։ Մրցման սովորական ժամկէտի աւարտին հաշիւը չբացուեցաւ։ Հետեւաբար, այդ 90 վայրկեանէն վերջ, կէս ժամ եւս երկարաձգուեցաւ պայքարը։ Ֆրանսայի երկարատեւ ապարդիւն ճնշումէն վերջ, ֆութպոլի չաստուածները արդէն սկսած էին պատրաստել իրենց դաւադրութիւնը։ Հերթական անգամ իր վառ ապացոյցը ունեցաւ ֆութպոլի անակնկալը, ինչ որ այս խաղին ամբողջ իմաստը կը պարփակէ։ Փորթուգալի հաւաքականէն Էտէր հեռահար հարուածով մը յաւելեալ ժամկէտին մէջ արձանագրեց ճակատագրական կոլ մը։ Փորթուգալական ընտրանին եւ ամբողջ փորթուգալցիները անբացատրելի ուրախութիւն մը ապրեցան իրաւարարի վերջին սուլիչով։ Խումբը ախոյենութեան բաժակը ստացաւ հանդիսաւորապէս եւ այդ մէկը նախ եւ առաջ ձօնուեցաւ ֆութպոլի համաշխարհային մեծ աստղին՝ Քրիստիանօ Ռոնալտոյին, որ տակաւին առաջին խաղակէսին պարտաւորուեցաւ լքել խաղը՝ վնասուելով ծունկի շրջանին ստացած հարուածով։
Այսպէսով, պատմութեան մէջ առաջին անգամ Փորթուգալի հաւաքականը ախոյենութեան հասաւ ֆութպոլի միջազգային մեծ մրցաշարքերէն մէկուն արդիւնքին։
Փորթուգալ-Ֆրանսա հանդիպման հետեւեցան նաեւ երկու երկիրներու նախագահները։ Այսպէսով աւարտին հասաւ այս կարեւոր մրցաշարքը, որ ամիսէ մը ի վեր մագնիսացուց ամբողջ ֆութպոլի աշխարհին ուշադրութիւնը։ Ֆրանսա գերազանց ձեւով իրականացուց կազմակերպութիւնը, հակառակ անվտանգութեան վերաբերեալ բոլոր կասկածներուն։