Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ Վազգէն Պօղոսեան (1997)։