ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղոււթեամբ շարք մը միջոցառումներու կը ձեռնարկուին՝ իրականացնելով թուային շուկայականութեան (մարքեթինկ) եւ ձեւաւորելով զբօսաշրջային արդիւնք։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Խզմալեան ըսաւ, որ մինչեւ 2017 թուականի Մայիս ամիսը այցելութիւններու թիւը աճած է շուրջ 30 տոկոսով՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։ Ան խօսելով իր գործունէութեան մասին՝ Խզմալեան շեշտեց, որ ունին երկու հիմնական ընելիք Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար՝ իրականացնել թուային շուկայականութիւն եւ ձեւաւորել զբօսաշըր-ջային արդիւնք։

«Թուային շուկայականութիւն ըսելով, նկատի ունինք, որ որքան իրազեկուած ըլլայ Հայաստան եկող զբօսաշրջիկը, այնքան աւելի վստահ կ՚ըլլայ, կը մտածէ, որ ապահով տեղ մը կու գայ։ Երկրի մասին տեղեկատուութեան տիրապետելը հոգեբանօրէն մարդու մէջ կը յառաջացնէ վստահութեան եւ անվտանգութեան զգացում։ Մեր հիմնական խնդիրն է, որ մարդիկ ոչ թէ գան եւ այստեղ ճանչնան Հայաստանը, այլ նախքան գալը՝ իրենց երկիրներուն մէջ, իրենց տուներուն մէջ հնարաւորութիւն ունենան ստանալու լիարժէք տեղեկութիւն Հայաստանի մասին», ըսաւ Արա Խզմալեան։

Անոր խօսքով՝ Յուլիս ամսուան վերջաւորութեան անոնք կը գործարկեն իրենց կայքէջը, որ նախատեսուած է տարբեր ճաշակներու, նախասիրութիւններու եւ հետաքրքրութիւններու տէր մարդոց համար։ Կայքէջի միջոցով հնարաւոր կ՚ըլլայ իմանալ, թէ ի՞նչ զբօսաշրջային ուղղութիւններ կան, ի՞նչ ծառայութիւններէ կարելի է օգտուիլ, անհրաժեշտութեան  պարագային որո՞ւ կարելի է դիմել եւ այլն։

«Բացի թուային շուկայականութենէ, մենք կ՚իրականացնենք այլ շուկայական միջոցառումներ։ Զբօսաշրջային արդիւնք ստեղծելու ուղղութեամբ մենք աշխատանքներ կը տանինք։ Մենք լրջօրէն պէտք է մտածենք զբօսաշրջիկի հետաքրքրութիւնը գրաւելու ուղղութեամբ, թէ ինչու պէտք է տեսնէ Գառնին, Գեղարդը կամ Զօրաց քարերը։ Բազմաթիւ հիմքեր ստեղծելով աւելի շատ զբօսաշրջիկներ շահագրգռուած կ՚ըլլան Հայաստան  այցելելով։ Մինչեւ 2020 թուականը Հայաստան կրնայ ունենալ տարեկան շուրջ 2.5 միլիոն զբօսաշրջիկ», ըսաւ Խզմալեան։

Ներկայացնելով վիճակագրական տուեալները՝ Արա Խզմալեան նշեց, որ անցեալ տարի Հայաստան այցելած է 1.5 միլիոն զբօսաշրջիկ, իսկ Սփիւռքի ընդամէնը 10 տոկոսը եղած է Հայաստանի մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017