ՆՈՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ պաշտպանական արդիւնաբերութեան գետնի վրայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։

Էրտողան նախընթաց օր երդումը կատարելէ եւ նոր ժամկէտով մը պաշտօնը վերստանձնելէ վերջ՝ երէկ իրականացուց իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնները։ Այսպէս, ան այցելեց Ատրպէյճան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։ Պաքուի մէջ Էրտողան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան նոր շրջանի սպասումներուն մասին տուաւ ուշագրաւ պատգամներ։ Ան հերթական անգամ շեշտը դրաւ՝ Անգարայի եւ Պաքուի ջանքերով ստեղծուած ենթակառուցուածքներու ցանցին վրայ եւ խօսեցաւ նոր ծրագրեր կեանքի կոչելու մասին։ «TANAP խողովակաշարը Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան դրսեւորումներէն մին է», ըսաւ Էրտողան Պաքուի մէջ։

Ատրպէյճանի մայրաքաղաքէն կղզի անցնելով՝ Էրտողան յայտարարեց, որ Կիպրոսի հիմնախնդիրը Թուրքիոյ տեսակէտէ ազգային դատի նշանակութիւն ունի։

Հանրապետութեան նախագահը այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել, ուր կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ղեկավնարներու գագաթաժողովին։ Պրիւքսելի մէջ Էրտողան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Կը հաղորդուի, որ ան կը հետեւի երկկողմանի շփումներու խտացեալ ծրագրի մը։ Պրիւքսելի մէջ իր զրուցակիցներու շարքին կը գտնուին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ, Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ այլք։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018