ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱԹՕ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Միջազգային մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ սա դաշինքի կարեւոր գագաթաժողովներէն մին է։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ ընդհանրապէս թէեւ արտաքին սպառնալիքներու վրայ կը կեդրոնանայ, սակայն ներկայ փուլին առաջնահերթ դարձած են շարք մը ներքին խնդիրներ։ Այսպէս, ուխտի մեծագոյն երկրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ միւս դաշնակիցներուն միջեւ ծագած են տարաձայնութիւններ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կ՚ակնկալէ, որ դաշնակից միւս երկիրները բարձրացնեն իրենց մասնակցութեան համեմատութիւնը ՆԱԹՕ-ի ծախսերուն։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին Պրիւքսել չհասած ընկերային ցանցերու միջոցաւ այնպիսի յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, որ կանխաւ ստեղծուեցաւ լարուած մթնոլորտ։ Անցեալ տարուան մայիսի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովն ալ լարուած մթնոլորտի մէջ անցած էր Թրամփի ճնշումներուն հետեւանքով։ Պրիւքսել հասնելէ առաջ Թրամփի կողմէ փոխանցուած պատգամները կ՚ապացուցանեն, որ ամերիկացի ղեկավարը հաւատարիմ կը մնայ իր այդ դիրքորոշման։ Նախագահ Թրամփ խնդիրը այնպիսի աստիճանի մը հասցուցած է, որ նոյնիսկ ամենահեշտը որակած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ապագայի հանդիպումը։ Այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է 16 յուլիսին։ Թրամփ ուր որ է ամէն օր իր թիրախը կը դարձնէ Եւրոմիութեան երկիրները։

Եւրոմիութեան յառաջատար երկիրներու ղեկավարներն ալ միջոցէ մը ի վեր կը բարձրաձայնեն՝ առանձին պաշտպանական համակարգ մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան շուրջ մտածելու ուղղութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ, խիստ հակազդեցութիւնով մը հանդէս եկաւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք։ ԵՄ-ՆԱԹՕ համագործակցութեան համատեղ յայտարարութեան ստորագրման արարողութեան ընթացքին Թուսք ԱՄՆ-ին խորհուրդ տուաւ դաշնակիցները լաւ արժեւորել։ «Ի վերջոյ այդքան շատ դաշնակից չունիս»,  զգուշացուց Թուսք։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018