ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ 13 յուլիս։ Այցելութեան օրերուն Նիկոլ Փաշինեան կը տեսակցի Եւրոմիութեան կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Նախատեսուած են նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ։

Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կը մասնակցի Աֆղանիստանի «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարներու հաւաքին։ ՆԱԹՕ-ի անդամ կամ ոչ-անդամ երկիրներու այդ ժողովին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս կու գայ ելոյթով մը։ Նախատեսուած է նաեւ իր հանդիպումը ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ։

Պրիւքսելի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մըն ալ հանդէս կու գայ Քարնեկի հիմնարկի Եւրոպայի կեդրոնի երդիքին տակ։ Իր ելոյթին կը հետեւին մասնագիտական լայն շրջանակներէ դէմքեր։

Պրիւքսելի կեցութեան օրերուն Փաշինեան կը մէկտեղուի նաեւ պելժիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018