ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող ծրագրի ծիրին մէջ, Արցախի դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու շուրջ 150 մանկավարժներ հետեւեցան բժշկական առաջին օգնութեան վերապատրաստման դասընթացքներու: Ապագայ բժիշկները երկու օր սորվեցան օձի եւ կարիճի խայթոցներու եւ այրուածքներու ատեն կենսական նշանակութիւն ունեցող հմտութիւններ: Բժշկական առաջին օգնութեան ծրագրին մասնակցողները ծանօթացան անհրաժեշտ ձեւերու՝ տուժած անձին կեանքը փրկելու եւ հաւանական բարդութիւնները կանխելու նպատակով: Արցախի մէջ մեկնարկած Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի ծրագրին առանցքը կը հանդիսանար կարեւոր գաղափար մը՝ բժշկական առաջին օգնութեան հմտութիւններ ուսուցանել ամէնուն, յատկապէս՝ ուսուցիչներու, դաստիարակներու եւ աշակերտներու:
Անհրաժեշտ կը համարուի, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի տիրապետէ՝ ինչպէ՛ս կարելի է վարուիլ զանազան իրավիճակներու մէջ՝ չվնասելով սխալ միջամտութիւններով, որովհետեւ բժշկական առաջին օգնութիւնը կրնայ ճակատագրական ըլլալ տուժածին համար: Արցախի մէջ բժշկական առաջին օգնութեան դասընթացքին մասնակցողներուն հետաքրքրուածութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը շատ լաւ եւ գոհացուցիչ նկատուեցաւ, մանաւանդ որ մասնակցողներուն թիւը ակնկալուածէն աւելի էր: Նկատի ունենալով այս հանգամանքները՝ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանը նախատեսած է շարունակել ծրագիրը Արցախի մէջ՝ ընդգրկելով աւելի մեծ թիւով մասնակցողներ:
Արցախէն ընթացք առած ծրագիրը տեղի ունեցաւ Արցախի Առողջապահութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարներուն հովանաւորութեամբ:
Միւս կողմէ, համալսարանին նախաձեռնած ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ, եւ անիկա պիտի գործադրուի Արցախի այլ դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու մանկավարժներուն համար:
Երիտասարդ բժիշկներու եւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի ուսանողներու խումբը Արցախի մէջ ծրագիրը իրականացուց փոխ-նախագահ Գառնիկ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ: