ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄՈՒԻ ՅԱՋՈՐԴ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ խորհրդակցութեան մը հրաւիրած է Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային մարմիններու ատենապետները։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս հանդիպման ընթացքին պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը։

Այս կարեւոր ժողովը նախատեսուած է 17 յուլիս 2019, չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019