ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտեւը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին յստակօրէն շեշտադրուեցան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ Իտլիպի վերաբերեալ համաձայնութեան պահպանումը, Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման յանձնախումբի կազմուիլն ու հռչակուիլը, ամբողջ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, անվտանգ գօտին, ահաբեկչական բոլոր տարրերու դէմ պայքարը (ներառեալ ԻՇԻՊ-ը, ՓՔՔ-ԵՓԿ-ՓԵՏ-ն), Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան շրջանակին մէջ քաղաքական լուծումի մը գտնուիլը եւ երկրի վերակառուցումը։

Մօտաւոր ապագային Սուրիոյ տագնապին շուրջ կը նախատեսուի հերթական եռակողմանի գագաթաժողովը՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ։ Աւելի վերջ ալ նախատեսուած է այլ գագաթաժողով մը՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ։ Իպրահիմ Քալըն եւ Ալեքսանտր Լաւրենտեւ երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկեցին այս գագաթաժողովներու հաւանական օրակարգին եւ ժամկէտներուն վերաբերեալ հարցեր։

Ժողովի ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան բոլոր մտահոգութիւնները պիտի բաւարարուին եւ ամբողջ տարածքաշրջանը պիտի մաքրագործուի ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներէ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամի պարագային Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեան տեւականացման կարեւորութիւնը՝ վստահութեան ու թափանցիկութեան սկզբունքներուն համահունչ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019