ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» հանրապետական մարզադաշտին մէջ կ՚ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը:

Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսած է, որ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 25-ը, իսկ յուլիսի 27-էն սկսեալ պիտի ըլլան գլխաւոր փորձերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ օգոստոսի 5-ը:

Օգոստոսի 6-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Փորձերը կ՚ընթանան լաւ: Բացման արարողութիւնը պիտի ըլլայ չափազանց գեղեցիկ, կան հետաքրքրական անակնկալներ: Մեծ տեսարաններու մէջ ընդգրկուած են շուրջ 1500 մասնակից՝ պարողներ, դերասաններ, կամաւորներ, որոնց հետ խաղերու գլխաւոր բեմադրիչը այժմ փորձեր կը կատարէ», աւելցուցած է Զաքարեան:

Խօսելով մարզադաշտի մասին՝ ան ըսած է, որ մարզադաշտը փոքր է:

Ըստ անոր՝ այժմ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ներկայացուցիչները ունին 4-5 հազար հրաւիրատոմսի պատուէր: Կը փորձենք մարզադաշտը այնպէս օգտագործել, որ բացման արարողութեան կարենայ մասնակցիլ 7-8 հազար հանդիսատես: Խաղերու բացման արարողութեան ընդգրկուած պիտի ըլլայ 7-8 հազար հոգի՝ շքերթի, ստեղծագործական խումբի եւ այլ մասնակիցներ:

«Խնդիրը կը նախատեսենք լուծել տեղադրելով երկու մեծ պաստառ, որոնցմով ուղիղ հեռարձակում պիտի ըլլայ: Անոնք կը տեղադրուին Վերածնունդի հրապարակի աջ եւ ձախ կողմերը: Այն մարդիկ՝ որոնք հնարաւորութիւն չեն ունենար մտնելու մարզադաշտ, գոնէ հրապարակէն կրնան հետեւիլ բացման արարողութեան: Մարզադաշտի մուտքը ազատ պիտի ըլլայ», մասնաւորապէս ըսած է ան:

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու գլխաւոր մրցավար Դերենիկ Գաբրիէլեանի խօսքով՝ խաղերուն մեկնարկը պիտի տրուի Արցախէն, յետոյ ան պիտի շարունակուի Հայաստանի մէջ:

«Ֆութպոլի խաղերը տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի նորակառոյց մարզադաշտերուն մէջ, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից չափանիշներուն: Պէտք է նշեմ, որ ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ կան մարզադահլիճներու պակաս: Եթէ մենք կ՚ուզենք Համահայկական խաղերը զարգացնել, պէտք է մտածել նոր մարզադաշտեր ստեղծելու մասին: Ստեղծուած են կառավարական յանձնաժողովներ, որոնք կը զբաղին այդ հարցերով: Համահայկական խաղերուն արդէն արձանագրուած են 350-էն աւելի մրցավարներ, որոնցմէ 150-ը պիտի մասնակցի շքերթին», մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019