ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԶԿԻԹ

Վճռաբեկ ատեանի 10-րդ բաժանմունքը երէկ արձակեց վճիռ մը, որու հիման վրայ պատմական Այա Սոֆիան կը վերածուի մզկիթի ու կը վերաբացուի պաշտամունքի։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ քաղաքական եւ հասարակական հարթութեան վրայ վէճի նիւթ դարձած խնդիր մը երէկ հանգուցալուծուեցաւ ակնկալուածին նման։ Այսպէս, Վճռաբեկ ատեանի կողմէ արձակուած վճռի հիման վրայ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ստորագրեց համապատասխան հրամանագիր մը եւ այսպէսով Այա Սոֆիան դարձեալ վերածուեցաւ մզկիթի։ Բիւզանդական ճարտարապետութեան այս գլուխ գործոցի այժմու գմբէթը, ծանօթ է, որ տաճարի վերանորոգութեան շրջանին կառուցուած է հայ ճարտարապետի մը՝ Տրդատի կողմէ, որ հեղինակն է Անիի Մայր տաճարի նախագծին։ Իսթանպուլի նուաճումէն վերջ Օսմանեան շրջանին մզկիթի վերածուած այս կոթողը 1934 թուականին նախարարաց խորհուրդի որոշումով վերածուած էր թանգարանի։ Երէկ Վճռաբեկ ատեանը որոշեց այդ նախարարաց խորհուրդի որոշմնագիրը բեկանել եւ Այա Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածել։ Ամբողջ աշխարհի մէջ լայն արձագանգ ունեցաւ այս իրադարձութիւնը։ Բուռն քննադատութիւններ հնչեցնողներու առընթեր եղան նաեւ այս կարգադրութիւնը գնահատողներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Այսպէս, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բաւական խիստ ոճով քննադատեց առնուած որոշումը։

Այա Սոֆիայի վերաբերեալ առնուած որոշման զուգահեռ երէկ երեկոյեան համանուն հրապարակին վրայ ժողովուրդը կուտակուեցաւ երեկոյեան պաշտամունքի համար։ Նոյնպէս երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ուղիղ եթերով ելոյթ մը ունեցաւ եւ տեղեկացուց, որ պատրաստութիւնները փութով պիտի աւարտին եւ 24 յուլիսին ուրբաթի աղօթքի առթիւ Այա Սոֆիան պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։

Էրտողան «Ազգին խօսք» ուղղելով յայտնեց, որ Այա Սոֆիան մարդկութեան հասարակաց ժառանգութիւնը կը հանդիսանայ եւ իր նոր կարգավիճակով պիտի շարունակէ բոլորը գրկել շատ աւելի անկեղծ եւ շատ աւելի ինքնուրոյն ձեւով։ Էրտողան կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը յարգեն Թուրքիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ Այա Սոֆիայի վերաբերեալ առնուած որոշումը։

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ներկայիս վարչական եւ թեքնիկ պատրաստութիւններու հետամուտ եղած է, իսկ Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութիւնն ալ խնդրի կրօնական երեսակով կը զբաղի։ Էրտողան երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Այա Սոֆիան թանգարանի կարգավիճակ ունենալէ դադրած է, ուստի մուտքը այլեւս պիտի չըլլայ վճարովի։ Ինչպէս բոլոր մզկիթներու պարագային, Այա Սոֆիայի դռներն ալ բաց պիտի ըլլան բոլորի համար՝ տեղացի կամ օտար, մահմետական կամ ոչ-մահմետական։

Նախագահ Էրտողան երէկուան ելոյթին մէջ ընդգծեց նաեւ, որ միջազգային հարթութեան վրայ այս նիւթին վերաբերեալ արտայայտուած ամէն տեսակ կարծիք Թուրքիոյ կողմէ հասկացութեամբ կ՚ընկալուի։ Բայց եւ այնպէս, Այա Սոֆիայի օգտագործման նպատակին վերաբերեալ որոշումը Թուրքիոյ գերիշխանական իրաւունքներուն կը վերաբերի։ Նոր կարգադրութիւնով մը Այա Սոֆիայի պաշտամունքի վերաբացուիլը երկրի գերիշխանական իրաւունքի իրացումն է։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020