ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքին վրայ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Այս ուղիղ շփումը ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի օրերու կարեւորագոյն իրադարձութիւններու շարքին դասուեցաւ։ Բաց աստի, եռակողմանի հանդիպման առընթեր, միջազգային բարձրաստիճան հաւաքի միւս մասնակիցներու յարակից շփումներուն ընթացքին ալ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը շօշափուեցաւ։ Սոյն ծիրէն ներս առանձնապէս ուշագրաւ էր, որ Էնթընի Պլինքըն եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք եւս անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Ընդհանուր առմամբ, թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ Եւրոմիութեան անդամ յառաջատար երկիրները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել կը շարունակեն տարածաշրջանի իրավիճակը։ Մինչ Արեւմուտքը ընդգծուած ձեւով խրախուսական դերակատարութիւն կը ստանձնէ, Ռուսաստանն ալ այս փուլին չի թաքցներ իր հակազդեցութիւնը։

Պլինքընի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցած Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որ շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ կը բովանդակէր։ Այսպէս, Երեւան եւ Պաքու Ուաշինկթընի հանդիպման ընթացքին նշեցին խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղեալ պատմական պայմանագրի կնքման ճանապարհին արձանագրուած յառաջընթացը։ Անոնք համաձայն գտնուեցան համապատասխան աշխատանքները շարունակելու ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, կողմերը երախտագիտութիւն յայտնեցին Էնթընի Պլինքընին՝ այս հանդիպումը հիւրընկալած ըլլալու համար։

Ըստ ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներուն՝ եռակողմանի հանդիպման ընթացքին Էնթընի Պլինքըն շեշտեց, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շատ կարեւոր աշխատանք կատարած են բանակցութիւններու եւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ։ «Համաձայնագիրը երկարաժամկէտ է, արժանապատիւ։ Այդ մէկը բացառիկ հնարաւորութիւններ կը բանայ երկու երկիրներու, տարածաշրջանի եւ ԱՄՆ-ի հետ իրենց յարաբերութիւններուն համար։ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կը բաժնեն այս տեսլականը։ Այս գործընթացի ընթացքին ԱՄՆ ձգտած է օգնել եւ աջակցիլ կողմերուն՝ Եւրոմիութեան եւ Եւրոպայի բազմաթիւ գործընկերներուն հետ», ըսաւ Էնթընի Պլինքըն։ Բաց աստի, ան համոզուած է, որ երէկուան հանդիպումն ալ առիթ մըն էր արձանագրելու համար այն յառաջընթացը, զոր ձեռք բերուած է կողմերուն միջեւ։ Պետական քարտուղարը շարունակեց.

«Ելնելով այն բոլոր պարտաւորութիւններէն, որոնք մենք ունեցած ենք, ներառեալ՝ վերջին շաբաթներու ընթացքին, ես կը կարծեմ, թէ երկու երկիրները շատ մօտ են վերջնական համաձայնութեան հասնելու. բան մը, որուն ԱՄՆ վճռականօրէն կ՚աջակցի։ Ուստի, ես շնորհակալ եմ այսօրուան հանդիպման մասնակիցներուն՝ որպէսզի դարձեալ գնահատեմ, թէ մենք ուր հասած ենք։ Տեսնենք, թէ աւելի ի՛նչ կրնայ ընել ԱՄՆ, որպէսզի օգնէ ձեզի համաձայնութեան հասնելու համար։ Շնորհակալութիւն երկուքիդ ալ այստեղ գտնուելու բերումով»։

Եռակողմանի հանդիպման սկիզբին ունեցած այս ելոյթէն վերջ, Էնթընի Պլինքըն բանակցութիւններու աւարտին ալ արդիւնաւէտ որակեց Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ ծաւալուած քննարկումները։ Տեսակցութեան աւարտին Պլինքըն նշեց, որ ԱՄՆ ամուր աջակցութիւն կը յայտնէ՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հնարաւորինս արագ եզրափակման։

Արարատ Միրզոյեանն ալ Ուաշինկթընի հանդիպման ընթացքին վերահաստատեց Երեւանի քաղաքական կամքը՝ Պաքուի հետ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագիրը ամենակարճ ժամկէտներու մէջ ստորագրելու ուղղութեամբ։ Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը կը հետապնդէ Հարաւային Կովկասէ ներս տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման նպատակը։

Երէկուան եռակողմանի հանդիպման զուգահեռ՝ Ուաշինկթընէն հասած լուրերը կը վկայեն, թէ ամերիկեան կողմը ակնյայտօրէն հետեւողական է Երեւանի եւ Պաքուի հետ ձեռնարկած աշխատանքին մէջ։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա այս օրերուն կը պատրաստուի այցելել տարածաշրջան եւ ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Հայաստանի մէջ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը այս շրջանին իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ ԱՄՆ-էն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր ներկայիս արդէն նոր կ՚աւարտէ Հայաստանի շփումները եւ իրեն անմիջապէս պիտի յաջորդէ Ուզրա Զէյայի այցելութիւնը։

Ուաշինկթընի երէկուան եռակողմանի հանդիպման արձագանգներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, ՄԱԿ-ն ալ յոյս յայտնեց, թէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացը դրական ազդեցութիւններ կ՚ունենայ տարածաշրջանին վրայ։ Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ եւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։

«Մենք կը յուսանք, թէ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացը կու տայ իր պտուղները։ Կը կարծեմ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ շարք մը երկկողմանի հարցերու լուծումը չափազանց դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ո՛չ միայն տուեալ երկիրներուն, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ», ըսաւ բանբերը՝ մեկնաբանելով երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումը։

ԲՈՂՈՔ

Միւս կողմէ, Մոսկուա կը բողոքէ Ուաշինկթընի երէկուան իրադարձութիւններուն բերումով։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին խիստ ափսոսանք յայտնեց ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան բերումով։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը յիշեցուց, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ եւ ռազմական ու ռազմաթեքնիք ոլորտներէ ներս բազմաթիւ երկկողմանի պայմանագրերու ստորագրադիրը կը հանդիսանայ։

«Երեւանի մտահոգութիւնները քննարկելու շինիչ մօտեցման փոխարէն, այնտեղ, դժբախտաբար, այլ ճանապարհ ընտրած են։ Հայաստան կը գերադասէ համագործակցութիւնը մեծացնել ՆԱԹՕ-ի կամ դաշինքի առանձին անդամներուն հետ՝ մասնաւորապէս ՆԱԹՕ-ի չափանիշներու ներդրման, զէնքի գնման կամ համատեղ մարտական պատրաստութեան միջոցառումներ իրականացնելու առումով՝ չհաշուած Ուաշինկթընի մէջ այս ռազմաքաղաքական դաշինքի գագաթաժողովին մասնակցիլը։ Այս բոլորը ծայրայեղ ափսոսանք է բացի ոչինչի կրնայ պատճառ դառնալ», ըսաւ Կալուզին։

Փոխ-նախարարը պնդեց, որ այսպիսի թափով խորացնելով համագործակցութիւնը անոնց հետ, որոնց նպատակը Ռուսաստանի ռազմավարական պարտութիւնն է, Հայաստան ինքն իսկ ռիսքի կ՚ենթարկէ լրջօրէն ապակայունացնելու իրավիճակը Հարաւային Կովկասէ ներս՝ ներառեալ ի վնաս սեփական անվտանգութեան։ «Կը կարծեմ՝ Հայաստանի մէջ բանիմաց մասնագէտներն ու քաղաքական գործիչները կը հասկնան նման անխոհեմ քայլերու հաւանական գինը։ Իմ կարծիքով՝ երկու աթոռի վրայ նստելու փորձերու անիրատես բնոյթը, թէկուզ մէկ այլ՝ տնտեսական ոլորտի մէջ, շատ յստակ արտայայտուած է Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքին կողմէ», ըսաւ Կալուզին։

 

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024