ԿՈՒՍԱԿՑԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Ան­գա­րա­յի մէջ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի շփում­նե­րը այս շրջա­նին կը բնո­րո­շեն Թուր­քիոյ ներ­քին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը։ Միջ­կու­սակ­ցա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու այս գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կի տե­սակ­ցու­թիւն մը։ Այս­պէս, վար­չա­պե­տա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան նստա­վայ­րին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հեր­թա­կան ան­գամ տե­սակ­ցե­ցան եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը՝ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու։ Շուրջ 4.5 ժամ տե­ւեց եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­նոնք ի­րենց կող­քին ու­նէին Էօ­մէր Չե­լիքն ու Հա­լուք Քո­չը։ Այս վեր­ջին­նե­րը նա­խա­պէս ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին գլխա­ւո­րած էին կու­սակ­ցա­կան պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րը։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով՝ դռնփակ քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու նկա­տի ա­ռին կու­սակ­ցա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու սկզբնա­կան շփում­նե­րուն ար­դիւն­քը։ Եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը այդ քննար­կում­նե­րը մի­ջոց մը վերջ շա­րու­նա­կե­ցին ընթ­րի­քի սե­ղա­նին շուրջ, միշտ ի­րենց կող­քին ու­նե­նա­լով Էօ­մէր Չե­լիքն ու Հա­լուք Քո­չը։ Ծա­նօթ է, որ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին տե­սակ­ցած էին հինգ ան­գամ՝ ընդ­հա­նու­րին մէջ 35 ժամ տե­ւած քննար­կում­նե­րու ծա­ւա­լու­մով։ Այդ սկզբնա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը քննար­կուած էին եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւա­սու մար­մին­նե­րուն կող­մէ, իսկ ներ­կա­յիս այդ հի­ման վրայ է, որ Տա­վու­տօղ­լու եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու կը շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տան­քը։ Կը հա­ղորդուի, որ ներ­կայ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին՝ Հինգ­շաբ­թի կամ Ուր­բաթ, Տա­վու­տօղ­լու եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու պի­տի մէկ­տե­ղուին ան­գամ մը եւս՝ վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մի մը յան­գե­լու հա­մար։

Տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ Էօ­մէր Չե­լիք յայտ­նեց, թէ եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը ման­րա­մասն օ­րա­կար­գով քննար­կում­ներ ծա­ւա­լած են՝ Թուր­քիան ա­ռանց կա­ռա­վա­րու­թեան չթո­ղե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը ար­տա­յայ­տած են թէ՛ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած եւ թէ չգո­յա­ցած նիւ­թե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այս պա­հու դրու­թեամբ ո­րե­ւէ եզ­րա­կա­ցու­թեան մը յան­գած չէ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն զրոյ­ցը։ Հե­տե­ւա­բար, շա­բա­թա­վեր­ջէն ա­ռաջ, ա­նոնց եր­կու­քին ալ ծրագ­րե­րուն ըն­ձե­ռած յար­մա­րու­թեամբ՝ ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան ձե­ւով Տա­վու­տօղ­լու եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ի մի պի­տի գան՝ վերջ­նա­կան ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այդ տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ ստեղ­ծուե­լիք ի­րադ­րու­թեան մա­սին պի­տի փո­խան­ցուին տե­սա­կէտ­ներ։

Էօ­մէր Չե­լի­քի հա­մոզ­մամբ, Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան կեան­քէն ներս թէ­կուզ հա­կա­դիր, սա­կայն եր­կու հիմ­նա­կան հո­սանք­նե­րը խորհր­դան­շող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն այս­պի­սի սկզբնա­կան քննար­կում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցէ մը վերջ քով քո­վի գա­լը ան­նա­խըն­թաց է։ Ա­նոնք ան­կեղծ ու բաց ձե­ւով, դրա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ փո­խա­դար­ձա­բար բաժ­նած են ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Ներ­կայ վի­ճա­կով, թէ՛ սկզբնա­կան տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ թէ ա­նոնց յա­ջոր­դած կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու հան­դի­պու­մը ինք­նին ձեռք­բե­րում մը կը հա­մա­րուի թրքա­կան քա­ղա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ։ Ըստ Էօ­մէր Չե­լի­քի, այդ ար­ժէ­քը պայ­մա­նա­ւո­րուած է նաեւ այն հան­գա­ման­քով, որ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ցարդ փո­խա­դար­ձա­բար ի­րա­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րը խոր­քայ­նօ­րէն դի­տար­կած են՝ զա­նա­զան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ա­ռըն­չու­թեամբ։

Լրագ­րող­ներ Էօ­մէր Չե­լի­քին հարց տուին, թէ կող­մե­րը պատ­րաս­տա­կա՞մ են գոր­ծըն­կե­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սաւ, թէ այս­քան աշ­խա­տանք տա­րուած է, իս­կա­պէս բարդ գոր­ծըն­թաց մը յա­ռաջ տա­ր-ւած է, ապ­րուած է յոգ­նե­ցու­ցիչ շրջան մը։ Ի վեր­ջոյ, այս­տեղ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի Թուր­քիոյ հա­մար լա­ւա­գոյն վար­կա­ծը գտնե­լու։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ Տա­վու­տօղ­լուի ե­րէ­կուան հան­դի­պու­մէն վերջ, Հա­լուք Քոչն ալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ՃՀՓ­-ի կեդ­րո­նին մէջ։ Ան եւս ը­սաւ, թէ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եր­կար ու բարդ շփում­նե­րու գոր­ծըն­թաց մը յա­ռաջ տա­րած են։ Տար­բեր զգայ­նու­թիւն­նե­րու հե­տա­մուտ այս եր­կու քա­ղա­քա­կան ա­ռանցք­նե­րը կ՚աշ­խա­տին՝ տես­նե­լու հա­մար, որ Թուր­քիոյ առ­կայ խնդիր­նե­րուն դի­մաց միաս­նա­բար կրնա՞ն հա­մա­խո­հու­թիւն մը կազ­մել կամ ոչ։ Ըստ Հա­լուք Քո­չի, սա բնա­կա­նա­բար ե­ղած է դժուար գոր­ծըն­թաց մը, տար­բե­րու­թիւն­նե­րը զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ կը գոր­ծեն ազ­դե­ցու­թիւն, սա­կայն երկ­րին շա­հե­րով ա­ռաջ­նոր­դուե­լով՝ ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է նաեւ, որ բազ­մա­թիւ կէ­տե­րու պա­րա­գա­յին գո­յա­ցած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը։ «ՃՀՓ կ­՚աշ­խա­տի զար­գաց­նե­լու հա­մար քա­ղա­քա­կան կամք մը, որ պի­տի հանգս­տաց­նէ Թուր­քիան», ը­սաւ Հա­լուք Քոչ եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենց նպա­տակն է ստեղ­ծել նպա­տա­կաս­լաց հա­մա­խո­հու­թիւն մը, որ պի­տի նպաս­տէ երկ­րի առ­կայ խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման։

Հա­լուք Քո­չի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը ե­րէկ խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ու­նե­ցան այն նիւ­թե­րուն շուրջ, ո­րոնք սկզբնա­կան հան­դի­պու­մե­րու ար­դիւն­քին ի յայտ ե­կած էին։ Ա­նոնք ան­կեղծ ձե­ւով ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը ու փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն հա­մա­հունչ տե­սա­կէտ­ներ։ Հա­լուք Քոչ եւս հաս­տա­տեց, թէ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը ան­գամ մը եւս պի­տի մէկ­տե­ղուին՝ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ի յայտ ե­կած ար­դիւնք­նե­րը աչ­քէ ան­ցը­նե­լու հա­մար։ Հա­լուք Քո­չի խօս­քե­րով, ժամ ա­ռաջ եր­կի­րը պէտք է ու­նե­նայ լայ­նա­խա­րիսխ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, ինչ որ մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կրնայ ըն­ծա­յել երկ­րի հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման տե­սան­կիւ­նէն եւ այս տե­սա­կէ­տը կը բաժ­նեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը սի­րեն այս եր­կի­րը ու կը մտա­ծեն ա­նոր մա­սին։ Հա­շուի առ­նե­լով Թուր­քիոյ առ­կայ խնդիր­նե­րը Հա­լուք Քոչ նշեց, թէ ի­րենք կը գի­տակ­ցին, որ այս­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ ոե­ւէ մէ­կը չի կրնար ինք­զին­քին թոյլ տալ կու­սակ­ցա­կան շա­հե­րու գե­րա­դաս­ման ճո­խու­թիւ­նը։ «Այս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մէջ կ՚ը­նենք մեր ար­ժե­ւում­նե­րը եւ այ­սօ­րուան մեր տե­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ ա­ւար­տե­ցինք այս շրջագծին մէջ», ը­սաւ Հա­լուք Քոչ ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015