ՓԵՆԹԱԿՈՆ ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ՎՐԱՅՈՎ
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ սկսան՝ դէպի համաշխարհային շուկաներ կազ արտածելու հարցին շուրջ։ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները այս մասին հաղորդումներ ըրին, իսկ այս լուրը զանազան աղբիւրներու կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Իրան արդէն վերադարձած է խողովակաշարով մը դէպի Եւրոպա կազ արտածելու ծրագրերուն։
«news.am»ի հաղորդումներով, Իրանի Կազի ազգային ընկերութեան տնօրէն Ալի Րըզա Քամելի նշեց, թէ իր ընկերութիւնը այս նիւթին շուրջ լուրջ բանակցութիւններու սկսած է Ատրպէյճանի նաւթի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի հետ։ «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնն ալ նոյն կապակցութեամբ տեղեկացուց, որ Թեհրան եւ Պաքու կազի արտահանման ծրագրերու մասին համատեղ ներդրումներու հարցով բանակցութիւններ վարած են։ Իրան կը ծրագրէ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին աւելցնել կազի արդիւնահանութիւնը։
Դէպի Եւրոպա կազ մատակարարելու հարցին շուրջ անցեալի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններ վարած էին Nabucco քոնսորսիումը եւ զուիցերական EGL-ը։ Բայց եւ այնպէս, մասնաւորապէս Իրանի դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներուն բերումով այդ ընկերութիւնները հրաժարած էին Իրանը ընդգրկել՝ դէպի Եւրոպա կազ մատակարարող խողովակաշարի ծրագրին մէջ։
Ներկայիս կարելի է խօսիլ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ աւելի լուրջ ծրագրերու մասին։ Ատրպէյճանի Տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Շահին Մուսթաֆաեւ վերջերս Թեհրան կատարած այցելութեան ժամանակ այս նիւթերը քննարկեց նաեւ Իրանի նաւթի նախարարին հետ։ Մուսթաֆաեւ Թեհրանի մէջ յայտնած էր, թէ Իրան կրնայ օգտագործել Ատրպէյճանի ենթակառուցուածքները՝ իր նաւթն ու կազը համաշխարհային շուկայ դուրս բերելու համար։ Ան նոյնիսկ նշած էր, թէ ապագային Իրան կրնայ միանալ Անդրանատոլեան կազատարին։
Այժմու ենթադրութիւններով, 1850 քիլօմեթր երկարութեամբ այդ խողովակաշարը Ատըր-պէյճանի «Շահտենիզ 2» հանքավայրէն Թուրքիոյ վրայով բնական կազ պիտի մատակարարէ դէպի Եւրոպա։