ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿ
Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայիս խաղաքարտերը վերստին կը բաժնուին՝ միջազգային բեմահարթակի նոր իրադրութեան զուգահեռ։ Այս մթնոլորտին մէջ աշխարհաքաղաքական ճատրակի մը կը նմանցուին վերջին խմորումները, որոնց զուգահեռ դիւանագիտական երթեւեկը թափ առած է տարածքաշրջանի երկիրներուն եւ ազդու դերակատարներուն միջեւ։ Այս նոր աշխարհաքաղաքական ճատրակը կը բնորոշուի այն հանգամանքով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը սկսած են յառաջ տարուիլ՝ Անգարա-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի դրութիւն մը ստեղծելու որոնումներու մթնոլորտին մէջ։
Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Վերջին օրերուն Փութինի եւ տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներուն միջեւ տեղի ունեցած իրերայաջորդ հանդիպումներուն տրամաբանական շարունակութիւնն է այս տեսակցութիւնը։ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին առաջնահերթօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։ Երկու նախագահները հանդիպման աւարտին սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին Սարգսեանին տեղեկացուց այս շաբթուան սկիզբին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին ղարաբաղեան հարցին շուրջ եղած արդիւնքները։ Ռուս ղեկավարը ընդգծեց, որ Հայաստան Անդրկովկասէ ներս իր երկրի ռազմավարական դաշնակիցն է։ Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան իսկապէս կը փափաքին գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը։ Ռուսական կողմը կ՚ենթադրէ հաշտութեան եզր մը՝ առանց պարտուողներու կամ յաղթուողներու։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ այլ երկիրները պատրաստ են հանդէս գալու որպէս կարգաւորման երաշխաւորներ։
Իր կարգին, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, թէ նման հակամարտութիւնները անկարելի է լուծել՝ յղում կատարելով հետեւանքներուն, այլ ոչ թէ պատճառներու վերացման։ Սարգսեան ըսաւ, թէ հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման անխափանելի իրաւունքի իրականացումով։ Միեւնոյն ժամանակ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ ընդգծեց, թէ շատ կարեւոր է հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն կատարումը եւ հայկական կողմը պատրաստ է այդ բանին։ Սարգսեան աւելցուց, որ Հայաստան միայն կը շահի, եթէ իր տարածքաշրջանէն ներս աշխուժանայ Ռուսաստանի դերակատարութիւնը։
ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՍՏԱՏԵԼ ԹՈՒՐԻՔԱ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ներկայիս Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական օրակարգը դարձած է։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այդ հանդիպումը եկաւ վերահաստատել Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ սառցահալը։ Կը նախատեսուի, որ մօտաւոր ապագային աստիճանաբար գործնական փուլ թեւակոխեն երկու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Էրտողանի Սեն Փեթերսպուրկ մեկնելէն առաջ յայտարարուած էր, թէ թուրք-ռուսական բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երէկ, արդէն աստիճանաբար յայտնի դառնալ սկսան քննարկումներու այս երեսակին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ բացատրութիւններ տուին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ կատարուած քննարկումներուն առընչութեամբ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին կեանքի պիտի կոչուի Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսաստան եռակողմանի գագաթաժողովի դրութիւն մը։ Էրտողան յայտնեց, թէ թրքական կողմը հաշտ աչքով կը դիտէ նման դրութեան մը ստեղծուիլը։ Չավուշօղլուի խօսքերով, Ռուսաստանի առաջարկներուն եւ Հայաստանի վերաբերեալ Թուրքիոյ առաջարկներուն միջեւ նկատելի են նմանութիւններ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւններ ըրաւ TRT-ին եւ «Անատոլու» գործակալութեան։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսաստան ձեւաչափին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քննարկուիլը ձեռնտու է բոլոր կողմերուն համար։ Նախարարին խօսքերով, թրքական կողմը պատրաստ է նպաստել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, որովհետեւ այդ մէկը լուրջ սպառնալիք մըն է տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։ «Մենք աւելի առաջ ալ ջանքեր գործադրած ենք այս հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ», ըսաւ Չավուշօղլու, որ անցեալ ամիս կը պատրաստուէր Անգարայի մէջ ընդունիլ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետամուտ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Ծանօթ է, որ միջնորդներուն այցելութիւնը տեղի չէր ունեցած Թուրքիոյ մէջ պատահած պետական հարուածի ձախող փորձին հետեւանքով։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու կոչ ուղղեց, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները պաշտպանեն Ատրպէյճանի դիրքորոշումը։ Նախարարը աւելցուց, որ Անգարա ներկայիս կը քննարկէ Ռուսաստանի առաջարկները։ «Այդ նախաձեռնութիւնները կը համընկնին այն մօտացումներուն, զորս ժամանակին մենք կ՚առաջարկէինք Հայաստանին՝ հակամարտութեան կարգաւորման համատեսքին մէջ։ Ինչպէս մեր ռուս եղբայրները, այնպէս ալ մեր ազէրի եղբայրները կողմնակից են, որպէսզի Անգարա հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ կատարէ իր ներդրումը», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ու վստահեցուց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ թրքական կողմը քայլերու պիտի ձեռնարկէ իր հնարաւորութիւններու սահմաններէն ներս։
Հարկ է նշել, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Ռուսաստան համագործակցութեան ձեւաչափին նախաձեռնողը պաշտօնապէս կը հանդիսանայ Անգարան։ Նոյնիսկ տակաւին թուրք-ռուսական լարուածութեան շրջանին Անգարա չէր թաքցներ Մոսկուայի հետ հաշտուելու պարագային նման նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւնը։ Պաքու արդէն վաղուց հաւանութիւն տուած էր համագործակցութեան այդ նոր ձեւաչափին։ Անցեալ ամիս Չավուշօղլուի Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ընթացքին կողմերը մանրակրկիտ քննարկած էին բոլոր մանրամասնութիւնները, ներառեալ Քրեմլինը ընդգրկելու հնարաւորութիւնները։
Այդ բոլորէն վերջ, Էրտողան եւ Փութին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նկատի ունեցան այս խնդիրը։ Օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիա-Ռուսաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափով քննարկում մը կազմակերպելու հարցը։ «Ռուսաստանի նախագահը նոյնպէս դրական արձագանգեց», ըսաւ Չավուշօղլու։ Երբ Էրտողան Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին օրակարգի վրայ բերած է այդ առաջարկը, Չավուշօղլուի վկայութեամբ, ռուս ղեկավարը ընդունած է առանց մտածելու։
Չավուշօղլուի առընթեր, Հանրապետութեան նախագահութեան փոխ-ընդհանուր քարտուղար ու բանբեր Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ անդրադարձաւ նոյն նիւթին։ A Haber հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան շեշտեց, որ որոշուած է ստեղծել Թուրքիա-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի դրութիւնը։ Ըստ Քալընի, սա կարեւոր քայլ մըն է թէ՛ երեք երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առումով։ Ռուսական կողմը, ըստ իրեն, վերջին շրջանին այս նիւթին շուրջ կը բերէ իր նպաստը։
«Պարոն Ալիեւն ալ մեր պարոն նախագահին այս նիւթերը բացատրած էր հիւլէական գագաթաժողովի նիւթին շուրջ։ Պարոն Փութին օր մը առաջ Պաքուի մէջ էր։ Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան եռակողմանի գագաթաժողովին համար մեկնած էր այնտեղ։ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրն ալ քննարկած են այնտեղ։ Այսօր ալ (երէկ) Հայաստանի Նախագահ Սարգսեան կ՚այցելէ Մոսկուա։ Յարաբերաբար աւելի դրական ընթացքի մը ականատեսը կ՚ըլլանք։ Համոզուած ենք, թէ այս գործընթացը շատ աւելի դրական ուղղութիւն մը պիտի ունենայ՝ եթէ Հայաստան ետ քաշուի բռնագրաւեալ տարածքներէն։ Այս ուղղութեամբ կան շարք մը կարեւոր ազդանշաններ։ Եթէ այս բանը իրականութիւն դառնայ, ապա այնպիսի ազդեցութիւն մը պիտի գործէ, որ տարածքաշրջանէ ներս բոլոր յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ պիտի հանգստանան, ներառեալ Ատրպէյճան-Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։
«Թուրքիա-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի դրութեան հաստատման մասին այս այցելութեան ընթացքին յայտարարուիլը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ այս առումով։ Կը յուսանք, որ մօտաւոր ապագային զարգացումներ կ՚ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Տարածքաշրջանէ ներս կատարուելիք շատ գործ կայ։ Տնտեսական յարաբերութիւններ, ենթակառուցուածքներ, անվտանգութիւն. նիւթերը բազմազան են։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումէն եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումէն առաւելագոյն չափով օգտուելիք երկիրը պիտի ըլլայ Հայաստան։ Երբեմն ինքզինքնին փակուղիի կը դատապարտեն նման նեղ հայեացքով կամ նայելով դէպի Սփիւռք կամ դէպի ուրիշները։ Եթէ կարենան քիչ մը աւելի լայն ռազմավարական հայեացքով մը դիտարկել՝ միջին ժամկէտով ու երկարաժամկէտ պիտի նկատեն, որ այս գործընթացէն պիտի օգտուին թէ՛ ազէրիները եւ թէ հայերը։ Այս նորաստեղծ դրութիւնը կարեւոր նպաստ մը պիտի ապահովէ սոյն գործընթացին համար», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց այս իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան ըսաւ. «Մենք կը շարունակենք համոզուած մնալ, որ Թուրքիա ընելիք չունի ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացին մէջ։ Ամբողջութեամբ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշում մը որդեգրած Թուրքիոյ կողմէ միակ օգուտը կրնայ ըլլալ՝ որքան հնարաւոր է հեռու մնալ կարգաւորումէն»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Չավուշօղլուի նախորդը եւս փորձած էր խառնուիլ այս գործընթացին, բոլորս գիտենք, թէ սա ինչպէս աւարտեցաւ»։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Անգարա-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ դաշինքի մը ստեղծման վերաբերեալ լուրերը արձագանգ գտած են նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ «Քոմերսանտ»ի հաղորդումներով, այս մասին յայտարարուած միակ նախադասութիւնը բաւարար է, որպէսզի Երեւանը ստիպեն լաւ մտածելու, յատկապէս՝ Պաքուի եռակողմանի գագաթաժողովին լոյսին տակ։ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ բարձր մակարդակի շփումներուն աշխուժացումը դարձաւ նախաբանը Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ երէկ Մոսկուա տրուած այցելութեան։ Տարածքաշրջանի առաջնորդներու իրերայաջորդ ծրագրուած հանդիպումները Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ կրնան ըլլալ շղթայի մը օղակները։ Միեւնոյն ժամանակ այս դիւանագիտական մարաթոնի արդիւնքը պէտք է դառնայ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախադրեալներուն ստեղծումը։ Յուլիսի երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները եկած են ապացուցանել արմատական տրամադրութիւններու աճը Հայաստանի մէջ եւ Նախագահ Սարգսեանի դիրքերու թուլացումը։ Այս իրավիճակին մէջ Սարգսեանին համար անհրաժեշտ է աջակցութիւնը արտաքին վճռորոշ դերակատարներու, որոնք ի վիճակի են իր վարչակարգի պահպանման երաշխաւոր դառնալ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, բացի Ռուսաստանէն, Հայաստանի համար անսպասելիօրէն նման խաղացող մը կրնայ դառնալ իր անհաշտ ընդդիմախօսը՝ Թուրքիան։ Դատելով զարգացումներէն, «Քոմերսանտ»ի մեկնաբաններուն համոզմամբ, Երեւան պէտք է աճապարէ, որպէսզի այս բարդ աշխարհաքաղաքական ճատրակին մէջ չդառնայ կուլ տրուած զինուոր մը։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՐԱԶԻԼ
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Օլէկ Եսայեան։ Փութին, որ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց իր հայ պաշտօնակիցը, իր կողքին ունէր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ու Միջազգային յարաբերութիւններու գծով աւագ խորհրդականը՝ Եուրի Ուշաքովը:
Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Եդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն յստակ պատգամներ փոխանցած է Պաքուին եւ միջազգային հանրութեան։ Ըստ իրեն, թէ՛ ռուսական եւ թէ հայկական կողմերը նշած են, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ անլուծելի խնդիրներ չունին։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ ան ընդգծեց, որ թէ՛ ռուսական եւ թէ հայկական կողմը կը փափաքի բացառապէս խաղաղ կարգաւորում մը։ Ըստ իրեն, Սարգսեան հերթական անգամ ընդգծած է, որ թիւ մէկ խնդիրն է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։
Միւս կողմէ, երէկ, աւարտելով Մոսկուայի շփումները Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրազիլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Ռիոյի մէջ կը բերէ իր զօրակցութիւնը՝ 31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու մասնակից Հայաստանի մարզիկներուն։
Այցելութեան շրջագծով Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ կառուցուելիք Հայաստանի դեսպանատան հիմնարկէքի արարորութեան։ Նախատեսուած են նաեւ պաշտօնական հանդիպումներ Պրազիլի ղեկավարութեան հետ։
ԼԱՒՐՈՎ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդին նիստը տեղի կրնայ ունենալ մինչեւ տարեվերջ։ Այս նպատակով Թուրքիա պիտի այցելէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով։ Ժողովը նախատեսուած է Ալանիայի մէջ։