ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը աւարտած է իր աշխատանքները՝ որդեգրելով բանաձեւ մը, որ ուղղորդիչ պիտի ըլլայ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համար՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին:
Համաձայն բանաձեւին՝ խորհրդաժողովին ներկայացուած հարցերու լուծման նպատակով կատարուած են առաջարկներ, մասնաւորաբար մշակել Սփիւռքի ուսուցիչներու հաւաստագրման, մանկավարժական գործունէութեան մշտադիտարկման դրութիւններ, շարունակել Սփիւռքի մանկավարժներու տարեկան դրութեամբ կայացող վերապատրաստումը Հայաստանի մէջ (նաեւ հեռակայ դրութեամբ)՝ արդիականացնելով դասընթացքներուն ծրագիրները, բովանդակութիւնն ու կազմակերպման ձեւերը:
Առաջարկուած է հետամուտ ըլլալ Հայաստանի կողմէ տրուող կրթական փաստաթուղթերու, կոչումներու եւ վկայականներու միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ տեղական մակարդակով ուսուցիչներու վերապատրաստութեան, որակաւորման բարելաւման կամ լրացուցիչ մասնագիտացման նպատակով օգտագործել տուեալ երկրի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն կարելիութիւնները: Բացի այդ, համաձայն բանաձեւին, առաջարկուած է Սփիւռքի միօրեայ ուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու համար մշակել հայագիտական առարկաներու քննութիւններու կազմակերպման եղանակներ, ուսումնասիրութիւններ կատարել Սփիւռքի մէջ ուսանողներու ու ուսուցիչներու շրջանին մէջ եւ անոնց արդիւնքներուն հիման վրայ մշակել հոգեբանական աջակցութեան եւ վերականգնողական աշխատանքներու ծրագիր:
Կը նախատեսուի միօրեայ դպրոցներուն պարագային նաեւ կազմակերպել դասընթացքներ ծնողներուն համար՝ նկատի առնելով անոնց ճանաչողական, կրթական եւ այլ պահանջները: Համաձայն բանաձեւի յաջորդ կէտին՝ առաջարկուած է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել համապատասխան որակաւորմամբ մագիստրոսական կրթութիւն ստանալու համար, նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակութային մասնագիտութիւններով անվճար ուսման որոշ կարելիութիւն ստեղծել սփիւռքահայերուն, Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կից ստեղծել Սփիւռքի դպրոցներու կրթական խնդիրներով զբաղող գիտամեթոտական յանձնաժողով, որ պիտի կատարէ դասագիրքերու, ուսումնական եւ մեթոտական այլ նիւթերու քննութիւն եւ գործածութեան երաշխաւորում:
Առաջարկուած է նաեւ նպաստել ուսումնական նիւթերու ելեկտրոնային պաշարներու միասնական շտեմարանի հարստացումը, ապահովել Հայաստանի մէջ հրատարակուող գրականութեան մասին տեղեկատուութեան տարածում, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող նկարչական մրցոյթ-փառատօնի ծիրին մէջ նկարչութեան ուսուցիչ չունեցող դպրոցներու աշակերտներուն համար տալ առցանց դասեր:
Բանաձեւի եզրափակիչ բաժինով առաջարկուած է արտասահմանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայոց լեզու ուսումնասիրող ուսանողներուն համար ստեղծել Հայաստանի մէջ մասնագիտական գիտելիքներու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ճանաչողական ծրագիրներ, քայլերու ձեռնարկել տարիքային խումբերու աշակերտներուն համար առցանց տարաբնոյթ մրցոյթներ կազմակերպելու ուղղութեամբ, եւ վերջապէս, նպաստել Հայաստանի հայագէտներու աշխատանքները օտար լեզուներով հրատարակուելուն՝ արտասահմանեան երկիրներու եւ Հայաստանի հայագէտներու համագործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով: